
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփըրչիք Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 11ին յայտարարեց, որ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները խեղաթիւրած են Ստեփանակերտի օդակայանի բացման հետ կապուած իր խօսքը:
Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, թէ Քասփըրչիք լրագրողներուն յայտնած է, որ Ստեփանակերտի օդակայանը տեղակայուած է Ատրպէյճանի պատկանող հողատարածքի վրայ: