ՀԱՅ ՄԸ ԵՒՍ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 11ին, Հալէպի որոշ թաղամասերու մէջ բախումները շարունակուած են կառավարական ուժերու եւ ընդդիմադիրներու միջեւ. այս մասին կը տեղեկացնէ Հալէպի Ազգ. առաջնորդարանի մամլոյ խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեանը՝ աւելցնելով, որ բարեբախտաբար քրիստոնէական, ինչպէս նաեւ հայաշատ թաղամասերուն մէջ իրավիճակը բաւական հանդարտ է ու մարդիկ կը փորձեն բնականոն կեանքի վերադառնալ:
Սակայն, Հալէպի ծայրամասին մէջ հայ մը եւս արձակազէնի զոհը գացած է: 55ամեայ հայազգի Ժան Թահանի կողքին վիրաւորուած է 25ամեայ Յովիկ Թամփալեանը:
Նաեւ, Հոկտեմբեր 10ին Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանին մէջ, դարձեալ արձակազէնի մը փամփուշտով վիրաւորուած է 35ամեայ Գէորգ Թալշեանը:
Ըստ Ռէյիսեանի՝ Հոկտեմբեր 10ին տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին մեծ վնասներ կրած է պատմական նշանակութիւն ունեցող Հալէպի Օմայեան մզկիթը, որ նախապէս եկեղեցի էր:
Ան աւելցուցած է, թէ Հոկտեմբեր 10ին Հալէպի մէջ զոհուած Մինաս Սազեանի դիակը արդէն իսկ դուրս բերուած է Արքուպի շրջանէն:
Շտապ օգնութեան մարմինը, որուն մէջ ներառուած են հայկական հոգեւոր երեք համայնքներու ներկայացուցիչներ, ջանք չի խնայեր օգնելու քաղաքի հայութեան:
Նաեւ, Դամասկոսի մեր հայրենակիցները տեղեկացուցին, թէ մայրաքաղաքի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ բախումներ չկան, սակայն անոնք մերթ ընդ մերթ կը շարունակուին քաղաքի ծայրամասերուն մէջ:
Յայտնենք նաեւ, որ Հոկտեմբեր 11ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարը սուրիահայութեան վերաբերող հարցերը քննարկած է ՄԱԿի գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի ներկայացուցիչ Տամթիւ Տեսալէյի հետ, որ տեղեկացուցած է, թէ ՄԱԿը եւս ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ ապաստանած սուրիացիներուն օժանդակելու ուղղութեամբ: