ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- ՄԱԿի Գլխաւոր ժողովի եւ Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ տարածուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանը՝ ՄԱԿի մէջ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչի նամակներուն, որոնք կը վերաբերին 2012ի Յուլիս 19ին կայացած ԼՂՀ նախագահական ընտրութիւններուն:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ «ազատ եւ թափանցիկ կամարտայայտման հիման վրայ պետական կառոյցների ձեւաւորումը դարձել է հանրապետութեան քաղաքական մշակոյթի անքակտելի մասը»: Պատասխանին մէջ կը նշուի այն, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւնները քայլ մը եւս կը հանդիսանան երկրին մէջ ժողովրդավարական աւանդոյթներու եւ համընդհանուր արժէքներու ամրապնդման ճամբուն վրայ, ինչ որ կը հաստատուի միջազգային դիտորդներու, որոնց կարգին Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներու, լրագրողներու եւ հասարակական գործիչներու կողմէ տրուած բարձր գնահատականներով:
«Ադրբեջանի կողմից հնչող ցանկացած պնդում այն մասին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովրդավարական զարգացումն արգելակում է խաղաղ գործընթացը, անտրամաբանական է եւ հետամուտ է միայն մէկ նպատակի՝ շեղել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնն այն իրական խոչընդոտներից, որոնք առկայ են բանակցային գործընթացի շրջանակներում», նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան նամակին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.