ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- ՄԱԿի մօտ Ատրպէյճանի մնայուն ներկայացուցիչ Ակշին Մեհտիեւ նամակով մը դիմած է ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին՝ Ստեփանակերտի օդակայանի օգտագործման ուղղութեամբ առնուող քայլերուն կապակցութեամբ:
Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլայեւի՝ նամակին մէջ պնդուած է, թէ Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործելու հայկական ջանքերը ապօրինի են, կ՛ոտնակոխեն միջազգային օրէնքները եւ վնաս կը հասցնեն շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու աշխատանքներուն, որովհետեւ օդակայանը կը գտնուի «Ատրպէյճանի տարածքէն ներս», որ ներկայիս «բռնագրաւուած է հայկական զինեալ ուժերուն կողմէ»:
Նամակին մէջ նաեւ կոչ եղած է Ապահովութեան խորհուրդին, որ այս մասին տեղեակ պահէ ՄԱԿի անդամ բոլոր երկիրները՝ անոնցմէ խնդրելով, որ նշեալ օդակայանը չօգտագործեն, ու յիշեցնելով, թէ Ատրպէյճան արտօնութիւն չէ տուած, որ Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.