
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանէն Հալէպ ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան ծանրոցները տակաւին չեն սկսած բաշխուելու սուրիացիներուն, այս յայտնած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան. ան դիտել տուած է, որ միայն մէկ ծրար յանձնուած է արաբ կնոջ մը, որ երկար ատեն կանգնած է «Արամ Մանուկեան» հայկական ակումբին դիմաց:
Այժմ Հալէպի քաղաքապետա-րանի եւ Կարմիր խաչ կազմակերպութեան աշխատակիցները, ինչպէս նաեւ Հալէպի շտապ օգնութեան մարմինը կազմակերպչական աշխատանքներ կը տանին՝ ծանրոցները դասաւորելու ուղղութեամբ, անկէ ետք օժանդակութիւնները պիտի սկսին բաժնուիլ սուրիացի կարիքաւոր ընտանիքներուն։
Հաւանաբար այդ աշխատանքը սկսի յառաջիկայ երկու օրերուն։ «Կայ ընդհանուր 1400 ծանրոց, որ պէտք է յատկացուի ոչ միայն հալէպցիներուն, այլ նաեւ ուրիշ քաղաքներու բնակիչներուն, որոնց կարգին մեզ համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Տէր Զօրի բնակիչներուն», նշեց Ռէյիսեան: Ան ողջունեց հայ ժողովուրդին կողմէ դրսեւորուած այս շնորհակալ մօտեցումը՝ աւելցնելով, որ անկախ ծանրոցներուն նիւթական արժէքէն, գոյութիւն ունի բարոյական արժէք, որ կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ սուրիացիներուն համար այս դժուար պահուն հայ ժողովուրդը չէ մոռցած զանոնք եւ օժանդակութեան ձեռք կ՛երկարէ իրենց։
Հալէպի կացութեան մասին խօսելով՝ Ռէյիսեան նշած է, որ իրավիճակը բաւական հանգիստ է, կրակոցներու ձայներ չեն լսուիր:
Նախապէս սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուցած էր, որ Հալէպի քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին՝ նման նախաձեռնութեան համար, աւելցնելով, որ ուղարկուած ծանրոցները կ՛ապացուցեն երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններուն ամրութիւնը:
ՆՐԱՆՔ ԿԵՐՏՈՒՄ ԵՆ ՄԵՐ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԴԻՄԱՆԿԱՐԸ ԵՒ ՈՉ ՄԻԱՅՆ…..
Այսօր մեր գրասենեակ (Համազգայինի Երեւանի գրասենեակ-Խմբ.) այցելեցին գեղանկարիչ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՇԱՀՈՒՄԵԱՆՆ ՈՒ ՀՀ ԺՈՂ ԱՐՏԻՍՏ ԱԶԱՏ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆՆ ու իրենց շատ կարեւոր ու թանկ մասնակցութիւնը բերեցին «Օգնիր եղբօրդ» հիմնադրամին: Իսկ ես իմ վաղեմի բարեկամներին նոյնիսկ չէի էլ զանգել….ես հպարտ եմ եւ ուրախ այս տեսակով: Ու նրանք շատ են, այո, մեր լաւագոյն տեսակը նեղութեան մէջ է նաեւ արթուն…. միասին մենք կարող ենք աւելին
ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ