ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հոկտեմբերը կը նկատենք Մշակութային ամիս: Կրթական մեր օճախներուն մէջ այս ամիսը կը յիշատակուի աշակերտական ձեռնարկներով, մշակոյթը պանծացնող հանդէսներով: Որոշ միութիւններ, յատկապէս՝ մշակութային բնութագիր ունեցողները, այս ամսուան ընթացքին գեղարուեստական ներկայացումներով իրենց հոգու պարտքը կու տան: Պէ՛տք է արձանագրել, սակայն, որ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին մշակութային բուռն իրադարձութիւններու վկայութիւններ չկան:
Ինչո՞ւ: Յաւակնոտութենէ մեկնելով՝ այս անտարբերութեան պատասխանատու կը նկատենք մենք զմեզ՝ մամուլի աշխատողներս: Մենք ենք, որ մթնոլորտ չենք ստեղծած, մենք ենք, որ համայնքին մէջ այս հարցի կարեւորութիւնը չենք փոխանցած ընթերցողներուն, հասարակական գործիչներուն: Եթէ չկայ մթնոլորտ, ապա դժուար է ակնկալել համակարգուած ճիգ՝ մշակութային թեքում ունեցող միութիւններու կողմէ՝ հոկտեմբերեան իւրաքանչիւր օրը Հայ մշակոյթի փառափանման ծառայեցնելու:
Ժամանակին «Ասպարէզ»ը ինքն իր տարեկան ձեռնարկը կը կազմակերպէր Հոկտեմբեր ամսուն: Հիմա, մեր աշխատակիցներն են, որոնք խմբագրութեան կը յուշեն մշակութային ամսուան նիւթեր եւ իրենց աշխատակցութիւնը կ՛ուղարկեն ինքնաբուխ կերպով:
Աւելի լաւ է ուշ, քան երբե՛ք: Այս մխիթարական արդարացման պատուանդանէն կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, որպէսզի Հոկտեմբերի այս մնացեալ օրերուն նայինք մեր չորս դին, գտնենք մեր մշակոյթին նուիրուած գործիչներ, արուեստագէտներ, արձակագիրներ, բանաստեղծներ, քանդակագործներ, նկարիչներ, երգարուեստի նուիրեալներ, ուսուցիչներ, ասմունքողներ, պարուսոյցներ, պարախումբերու անդամներ… գտնենք զանոնք, շնորհաւորենք ու յայտնենք մեր երախտագիտութիւնը: Առանց այս գործիչներուն կարելի չէ պատկերացնել մշակութային կեանք, իսկ առանց ատոր՝ անհասկնալի պիտի ըլլայ մշակութային որեւէ կենսունակութիւն:
Յարգենք մեր մշակոյթի գործիչները, գնահատենք անոնց աշխատանքը: