ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբը նոր յոյսեր կապած է Իսրայէլի ընտրուելիք խորհրդարանի՝ Քնեսեթին հետ: Հայ Դատի յանձնախմբի պատասխանատու Յակոբ Սեւան կը յայտնէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը արդէն կախուած է այն հանգամանքէն, որ քաղաքական ուժերը ինչ յարաբերակցութեամբ ներկայացուած կ՛ըլլան նոր խորհրդարանին մէջ:
«Վերջին քննարկումներուն ընթացքին շարք մը պատգամաւորներ ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման արտայայտուեցան: Յուսանք, վերընտրուելու պարագային դրական տեղաշարժ տեղի կ՛ունենայ ճանաչման ուղղութեամբ», կ՛ըսէ Յակոբ Սեւան:
Իսրայէլի Քնեսեթը այս տարուան Հոկտեմբեր 15ի ուշ երեկոյեան հաստատած է խորհրդարանի ինքնարձակման եւ վաղաժամկէտ ընտրութիւններու նշանակման մասին կառավարութեան ներկայացուցած օրինագիծը: Ինքնարձակման որոշումը առնուած է միաձայնութեամբ՝ ներկայ 100 խորհրդարանականներու կողմէ:
Պատգամաւորները հաստատած են Քնեսեթի նոր ընտրութիւններու թուական՝ 22 Յունուար 2013ը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.