ՊՈԼԻՍ.- Պէյօղլուի «Ասողիկ» դպրաց դասու երաժշտապետ Նշան Չալկըճեան եւ ընկերները Գերմանիա հրաւիրուած էին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ շարականներու համերգ մը ներկայացնելու համար Պոննի մէջ։ Համերգը իրականացաւ մեծ յաջողութեամբ, Նշան Չալկըճեան եւ դպրաց դասու իր ընկերները ամբողջովին լեցուն եկեղեցւոյ մէջ մեր շարականներէն կազմուած 12 կտորներու յայտագիրով մեծ տպաւորութիւն գործեցին հայ ու գերման եկեղեցասէրներու վրայ։
«Նշան Չալկըճեան եւ ընկերները Լեւոն Գույումճեան եւ Գրիգոր Սամուէլեան երէկ խմբագրատուն այցելեցին ու իրենց տպաւորութիւնները փոխանցեցին թէ՛ իրենց սարքած եզակի համերգին, թէ՛ յաջորդ օր Քէօլնի Հայոց եկեղեցւոյ արարողութեան իրենց մասնակցութեան առընչութեամբ»։ Մեր հիւրերը, որոնք մեր շարականներու ամէնէն հաւատարիմ երգիչներն են, շատ խանդավառ էին իրենց գտած ընդունելութենէն եւ շատ ուրախ էին որ լաւ տպաւորութիւն գործած էին», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Նշենք, որ համերգը կայացաւ Շաբաթ, 13 Հոկտեմբերին Պոննի Ասպետներ Ս. Ճասսիուս եւ Ֆլորենթիուս եկեղեցւոյ մէջ, որ կաթոլիկներու եկեղեցի մըն է։ Համերգը ունէր 70 վայրկեան տեւողութիւն։ Համերգին ներկայ գտնուած է նաեւ Գերմանիոյ Հայոց առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեան։
«Յոգնեցուցիչ բայց շատ հաճելի ուղեւորութիւն էր այս, քանի որ անոնք յաջորդ օրն ալ գացին Քէօլն, որ այնքան ալ մօտիկ չէ։ Հոն ալ մասնակցեցան առաւօտեան երգեցողութիւններուն եւ շրջապատուեցան անօրինակ գուրգուրանքով ու հետաքրքրութեամբ։ Հին սերունդէն շատեր, որոնք կը լսէին անոնց երգեցողութիւնը կ՛ըսէին, որ «յիսուն տարի ետ գացած էին այս երգերը լսելով», կը յայտնէ «Մարմարա»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.