ԵՐԵՒԱՆ.- Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր միութեան «Հայկական Վըրչուըլ համալսարանը նշած է իր գործունէութեան 3րդ տարեդարձը: Ասիկա հայկական բարձրագոյն ուսումնական առաջին հաստատութիւնն է, որ աշխարհի տարբեր ծագերուն ապրող ուսանողներու կարելիութիւն կու տայ առցանց կերպով ծանօթանալու հայոց լեզուին, պատմութեանն ու մշակոյթին:
Վըրչուըլ համալսարանին մէջ ներկայիս կ՛ուսանին աւելի քան 63 երկիրներէ ուսանողներ: Համալսարանի ուսանող դառնալու համար ընդամէնը քանի մը վայրկեան կը պահանջուի: www.AVC-AGBU.org կայքջին վրայ կարելի է արձանագրուիլ Յունուարէն: Հոս դասախօսներն ու դասընկերները «վըրչուըլ» են, իսկ տետրակներն ու գրատախտակը կը փոխարինէ համակարգիչի պաստառը:
«Համացանցում փնտռեցի եւ գտայ Վըրչուըլ համալսարանը, սկզբնապէս լուրջ չէի վերաբերւում, ուղղակի հետաքրքրութիւնից դրդուած՝ դիմեցի: Սակայն առաջին փուլի մէկ-երկու դասից յետոյ տեսայ, որ դա ոչ թէ զուտ հետաքրքրութիւն է, զբաղմունք, այլ ուղղակի կարող ես ստանալ այն գիտելիքը, որը քեզ անհրաժեշտ է», նշած է Վըրչուըլ համալսարանի ուսանողուհի Վերգինէ Յակոբեանը:
Վերգինէն համալսարանի 2012ի մնայուն ուսանողներէն մէկն է: Ան արդէն աւարտած է հայկական ճարտարապետութեան բաժինն ու այժմ կը սորվի հայկական երաժշտութիւն: Ուսուցուող նիւթերն են՝ հայոց լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ, որոնց կարելի է հետեւիլ ոչ միայն արեւելահայերէնով ու արեւմտահայերէնով, այլ նաեւ անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն եւ վերջերս արդէն թրքերէն լեզուներով: Այսօր համալսարանը կը տօնէ ոչ միայն իր երրորդ տարեդարձը, այլ արդէն առաջին շրջանաւարտները տուաւ:
Հայկական Վըրչուըլ համալսարանի ամէնէն աւագ ուսանողը 84, իսկ ամէնէն փոքրը 16 տարեկան է: Համալսարանը, սակայն, շուտով արդէն նոր ծրագիրի պիտի սկսի՝ աւելի փոքրերու համար, որոնք կրնան հետեւիլ հայոց լեզուի եւ ճատրակի: Այստեղ ուսանողները ոչ միայն համակարգչային ծրագիրներու օգնութեամբ կրթութիւն կը ստանան, այլ ատոր համար պիտի օգտագործեն բջիջային հեռախօսը: Թէեւ նման քննութիւն ընելը կրնայ տարօրինակ թուիլ, սակայն այդպիսով ուսանողները նոյնանման վկայականներ պիտի ստանան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.