ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Էջմիածինի Մայր աթոռի պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Թորգոմ Բ.ի յուղարկաւորութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Մայր աթոռի մամլոյ դիւանի ղեկավար Վահրամ Մելիքեան:
Յուղարկաւորութեան պիտի մասնակցին Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեան եւ Գեղարքունիքի թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեան: Պատրիարքի յուղակաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 22ին:
Նշենք, որ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Թորգոմ Բ. վախճանեցաւ Հոկտեմբեր 12ին՝ 93 տարեկանին: Ան ծնած էր 1919ին, Իրաք, իսկ 1990ին դարձած էր Երուսաղէմի հայոց 96րդ պատրիարքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.