
ՊԱՔՈՒ.- ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիէր ատրպէյճանական «1news.az» կայքին հետ կատարած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին անընդհատ շեշտած է հետեւեալ կէտերը.
1. Ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման որեւէ այլընտրանք չկայ, քան խաղաղ կարգաւորումը՝ Մատրիտեան սկզ-բունքներու հիման վրայ:
2. Այդպիսի հանգուցալուծման համար պէտք է խստօրէն պահպանել հրադադարը, հեռացնել հակամարտութեան գօտիէն արձակազէնները, զերծ մնալ պատասխան գործողութիւններէ եւ ռազմական հռետորաբանութենէ, որոնք աւելիով կը սրեն լարուածութիւնը:
3. Որեւէ արտաքին գործօն՝ ըլլայ ատիկա ԵԱՀԿը կամ միջազգային մէկ այլ կառոյց, չի կրնար լուծել հակամարտութիւնը կամ որոշում պարտադրել կողմերուն վրայ: Կայուն եւ խաղաղ լուծում գտնելու համար, հարկաւոր է կողմերու քաղաքական կամքը, հաւատարմութիւնը գործընթացին եւ պատասխանատուութեան զգացումը:
ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղարը յայտարարած է նաեւ, որ ամբողջութեամբ կ՛աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի գործունէութեան՝ զայն նկատելով միակ կառոյցը, որ պէտք է զբաղի Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումով: