
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, Նոյեմբեր 17ին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Հայ ուսանողական միութեան ու ՀԵԴի անդամներու ջանքերուն շնորհիւ, Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ փոխհիւպատոս Թոլկա Արսլան ջնջած է համալսարանին մէջ ծրագրուած իր ելոյթը, որ տեղի պիտի ունենար ՄԱԿի օրինակով շրջանի երկրորդական վարժարաններուն համար կազմակերպուող համագումարի մը ընթացքին:
Սովորաբար հազարէ աւելի ուսանողներ կը մասնակցին այս նախաձեռնութեան, որուն ընթացքին կը քննուին քաղաքական ներկայ իրադարձութեանց, միջազգային յարաբերութեանց եւ յատկապէս ՄԱԿի առնչուող հարցեր:
Նշեալ հայկական կազմակերպութիւնները անընդունելի գտած էին այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ փոխհիւպատոսը հրաւիրուած ըլլայ ելոյթ ունենալու՝ իբրեւ գլխաւոր բանախօս, եւ այդ պատճառով ալ բողոքի արշաւ մը իրականացուցած էին համալսարանէն ներս՝ նշելով, թէ Թուրքիա իր որդեգրած քաղաքականութեամբ տեւաբար կ՛ոտնակոխէ ՄԱԿի սկզբունքները, ուստի՝ փոխհիւպատոսին պէտք չէ առիթ տրուի ուսանողներուն առջեւ նման ելոյթ ունենալու:
Այս արշաւին շնորհիւ, թրքական հիւպատոսարանը տեղեկացուցած է ձեռնարկը կազմակերպողներուն, թէ փոխհիւպատոսը ներկայ պիտի չըլլայ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նեցուկ կանգնած էր փոխհիւպատոսը այս ձեռնարկէն հեռու պահելու նպատակով նշեալ համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան ու ՀԵԴի կողմէ առաջ տարուած ջանքերուն: