
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մամլոյ սպասարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի՝ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի տարեկան դրամահաւաքի կազմակերպական աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով, Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 20ին այցելած է Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթօ:
Օրուան առաջին կիսուն, պատուիրակութիւնը մասնակցած է յատուկ ընդունելութեան մը, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած էր Արցախի պատուիրակութեան ի պատիւ, նահանգային խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աշաճեանի եւ նահանգային ծերակոյտի անդամներ Քեւըն տը Լէօնի նախաձեռնութեամբ:
Իր խօսքին մէջ ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահը հակիրճ կերպով ներկայացուցած է Արցախի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները՝ արժեւորելով երկիրին մէջ իրականացուող քաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումները: Խորհրդարանի նախագահը այս ծիրէն ներս կարեւոր համարած է Միացեալ Նահանգներու եւ մասնաւորապէս Քալիֆորնիոյ մէջ ապրող հայերու մասնակցութիւնը՝ հայրենիքին մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, եւ կոչ ըրաւ շարունակելու աջակցութիւնը նաեւ մասնագիտական ու խորհրդատուական ձեւերով:
Ողջունելով պատուիրակութեան անդամները՝ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանականները վերահաստատած են Արցախին առնչուող հարցերը իրենց ուշադրութեան տակ պահելու պատրաստակամութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ հաստատուած համագործակցութիւնը պիտի ամբողջանայ գործնական քայլերով:
Օրուան երկրորդ կիսուն, Արցախի պատուիրակութիւնը այցելած է Պըրքլի քաղաքը, որուն համալսարանին մէջ կազմակերպուած էր կլոր սեղան մը՝ նուիրուած ԼՂՀի ընտրութիւններու դիտարկման գործընթացին: Քննարկումներուն զեկուցումներով հանդէս եկած են այս տարուան Յուլիս 19ի Ղարաբաղի նախագահական ընտրութիւններուն իբրեւ միջազգային դիտորդներ մասնակցած խումբ մը մասնագէտներ: Դիտորդները համակողմանի կերպով վերլուծած են անցած ընտրութիւնները՝ զանոնք բաղդատելով տարբեր ընթացակարգերու հետ եւ, ընդհանուր առմամբ, բարձր գնահատած են Արցախի մէջ հաստատուած ընտրական աւանդոյթը՝ զայն գնահատելով իբրեւ ժողովրդավարական, ազատ ու թափանցիկ:
Կլոր սեղանի ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ ԼՂՀ խորհրդարանի նախագահը: Աշոտ Ղուլեան անդրադարձած է դիտորդներու կողմէ ներկայացուած դիտողութիւններուն եւ վստահեցուցած, որ Արցախի իշխանութիւնները շահագրգռուած են ընտրական գործընթացներուն հանդէպ միջազգային փորձագէտներու գնահատականներով, ու այդ իսկ պատճառով՝ վճռական են կատարելագործելու ընտրական օրէնսդրութիւնը՝ զայն նկատելով պետական իշխանութեան ձեւաւորման ժողովրդավարական միջոց:
Աւարտին, ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահը պատասխանած է քննարկման մասնակիցներու հարցումներուն: