ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հայկական «Լոպի»ն կը նկատէ իր երկրի գլխաւոր թշնամին:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները նոյնատեսակ բնութագրումներ ըրած են Սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդի շահերը պաշտպանողներուն՝ յանձինս Հայ Դատի յանձնախումբին եւ անոր շուրջ համախմբուած հայորդիներուն: Յուրախութիւն մեզ եւ ի տխրութիւն մեր ազերի եւ թուրք իշխանաւորներուն՝ «թշնամի»ներու այս բանակը թուլութեան նշաններ ցոյց չի տար, ընդհակառակը՝ օրէ օր աւելի կ՛երտասարդանայ, կը համալրուի:
Նոյեմբեր 17ին, «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»ի մէջ հայ ուսանողութեան, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի միացեալ աշխատանքով, Թուրքիոյ դիւանագիտական ներկայացուցիչը զրկուեցաւ ակադեմական բարձր բեմէ մը իր երկիրին քարոզչութթիւնը կատարելու հնարաւորութենէն:
Արդարեւ, հայ ուսանողները չէին կրնար թոյլ տալ, որ «Եու. Սի.Էլ.Էյ.»ի մէջ միջնակարգ դպրոցներու աշակերտներու համար կազմակերպուած ՄԱԿի խորհրդաժողովին նմանութեամբ հաւաքին ընթացքին ելոյթ ունենար Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող, սեփական քաղաքացիներու մարդկային իրաւունքներուն վրայ բռնացող, ցեղապաշտ կառավարութեան մը դիւանագէտը (Լուրը՝ կողքի սիւնակով):
Թուրքիոյ փոխհիւպատոսը Լոս Անճելըսի մօտ իր ծրագրուած ելոյթը չունեցաւ այս հաւաքին՝ վստահաբար գիտակցելով, որ անյարմար կացութեան առջեւ պիտի գտնէ ինքզինք՝ ներկայութեամբը հայ ուսանողութեան եւ աշակերտութեան, որոնք ցուցադրականօրէն պիտի արտայայտէին իրենց ընդդիմութիւնը ՄԱԿի հիմնական սկզբունքները ամէն օր ոտնակոխ ընող երկիրի ներկայացուցիչին:
Մենք կը գնահատենք Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»ի Հայ ուսանողական միութեան յանձնառու կեցուածքը, որ իւրօրինակ պատգամ մըն է՝ ուղղուած Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն, որոնք մեր տարածքին մէջ, կեղծ ու ապատեղեկատուութեան վրայ հիմնուած քարոզչութիւն պիտի չկարենան կատարել՝ երբե՛ք: