
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան մտադիր է Երեւանի Կապոյտ մզկիթը ընդգրկել ԵՈՒՆԵՍՔՕի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Համապատասխան դիմում ներկայացնելու մասին մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը յայտնած է Իրանի մշակոյթի եւ իսլամական առաջնորդման նախարար Սէյիտ Մոհամմետ Հոսէյնիի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին:
Յասմիկ Պօղոսեան Իրան մեկնած էր նախարար Հոսէյնիի հրաւէրով՝ քննարկելու երկու նախարարութիւններուն միջեւ 2013-15 թուականներու համագործակցութեան ծրագիրը: