
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տերսիմ (ներկայիս Թունճելի) քաղաքին եւ շրջակայքի գիւղերուն մէջ, 1937-1938ին իշխանութիւններուն կողմէ տեղի ունեցած ալաուիներու, քիւրտերու, հայերու եւ ասորիներու դէմ ի գործ դրուած ցեղասպանութեան ծրագիրին հարցը փոխանցուած է Լա Հէյի միջազգային քրէական ատեան. այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրաթ» լրատուամիջոցը: Հարցը ներկայացուած է Ամերիկայէն, Գերմանիայէն, Հոլանտայէն, Պելճիքայէն եւ Թուրքիայէն խումբ մը փաստաբաններու կողմէ, իսկ 300 էջէ բաղկացած հայցը ատեան փոխանցած է փաստաբան Էրտալ Տողանը:
Զանգուածային սպանութիւններու գործով մեղադրանք կը ներկայացուի 81 հոգիի դէմ, որոնց մէջ կան Թուրքիոյ ներկայ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը եւ 1980ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման հեղինակ Քենան Էվրենը: Էրտողանի պարագային՝ կը նշուի, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ ան ներողութիւն խնդրած է Տերսիմի մէջ թրքական այդ օրերու իշխանութիւններուն կողմէ իրագործուած ջարդերուն համար, սակայն ցարդ պատասխանատուները պատժելու ուղղութեամբ որեւէ յառաջխաղացք չէ ապահոված. աւելին՝ Էրտողանի մօտ կը պահպանուի ջարդարարի մտածողութիւնը:
Տերսիմի քիւրտ բնակչութեան ինքնութեան ճանաչման հետ կապուած ապստամբութիւնը, Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Աթաթիւրքի արտօնութեամբ՝ խեղդուած էր արեան մէջ, եւ թրքական բանակը հողին հաւասարեցուցած էր շրջանի հազարաւոր գիւղերը: Թէեւ պաշտօնական տուեալներով կը նշուի, թէ միայն 38 հոգի սպաննուած է նշեալ գործողութիւններուն ընթացքին, սակայն տարբեր աղբիւրներու համաձայն՝ զոհերուն թիւը 100 հազարէն աւելի է: Այդ ջարդերուն զոհ գացած են նաեւ Հայկական Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Տերսիմի գիւղերուն մէջ ապաստանած հայեր:
Տերսիմի ոչ թուրք բնակչութեան կոտորածները սկսած էին քաղաքի պանդոկներէն մէկուն մէջ կայացող ալաուիներու համաժողովի մը մասնակիցներուն հրկիզումով: