
ԼՂՀ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներ այցելող Արցախի պատուիրակութիւնը, Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21ին այցելած է Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդը, ուր նախատեսուած էր պատուիրակութեան մասնակցութիւնը խորհուրդի նիստին:
Քաղաքային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան իր գործընկերներուն ներկայացուցած է պատուիրակութիւնը, ապա պատուիրակութեան ղեկավարը՝ ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, հանդէս եկած է ողջոյնի խօսքով: Քաղաքային խորհուրդի անդամներուն շնորհակալութիւն յայտնելով Արցախի հանդէպ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար՝ Ղուլեան յոյս յայտնած է, որ այդ դիրքորոշումը կ՛ըլլայ շարունակական:
Ողջունելով պատուիրակութիւնը՝ խորհուրդի անդամ Էրիք Կարսեթի յիշեցուցած է երկու տարի առաջ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի այցելութեան առիթով, քաղաքային խորհուրդին ընդունած բանաձեւը, որով շեշտուած է ազատ, անկախ ու ժողովրդավարական Լեռնային Ղարաբաղի գոյութիւնը: Ան կոչ ըրած է Քալիֆորնիոյ իշխանութիւններուն, որ շարունակեն պաշտպանել Արցախի անկախութիւնը:
Միջոցառման ներկայ եղած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, Ամերիկայի եւ Գանատայի մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան եւ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան բազմակողմանի յարաբերութիւններու վարչութեան պետ Արմինէ Ալեքսանեան:
Օրուան երկրորդ կիսուն ԼՂՀ պատուիրակութիւնը հիւրընալուած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակին մէջ, ուր հաւաքուած էին կառոյցին ուղեկցող բոլոր կազմակերպութիւններու եւ համայնքային նշանակութեան հաստատութիւններու ներայացուցիչները: Ներկաներուն առջեւ ելոյթ ունեցած են ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ղուլեան եւ առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան՝ կոչ ընելով աշխոյժ կերպով մասնակցելու համազգային հանգանակութեան, որ կը նպաստէ Արցախի եւ Սփիւռքի հրատապ հարցերու լուծման: