ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները՝ Ռապըրթ Պրատթքի (Ամերիկա), Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ժագ Ֆոր (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք, Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 26ին, Պաքուի մէջ աւարտեցին իրենց տարածաշրջան այցելութիւնը:
«ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները յոյս ունին, որ Ստեփանակերտի օդակայանի օգտագործման հետ կապուած խնդիրները պիտի լուծուին դիւանագիտական ճանապարհով՝ հիմնուելով միջազգային համաձայնութեանց վրայ», Պաքուի մէջ յայտարարած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ֆրանսացի համանախագահը:
«Մենք այս առնչութեամբ արդէն իսկ յայտարարութիւն տարածած ենք եւ ընդգծած, որ օդակայանի բացումը որեւէ կերպով չի կրնար ազդել Լեռնային Ղարաբաղի իրաւական կարգավիճակին վրայ», շեշտած է Ֆոր:
Համանախագահները Նոյեմբեր 19-26 այցելած են Լեռնային Ղարաբաղ, Հայաստան եւ Ատրպէյճան: Այցելութեան ընթացքին անոնք շարունակած են ջանքեր գործադրել՝ օժանդակելու համար կողմերուն, որպէսզի հասնին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:
ԵԱՀԿի մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ Երեւանի մէջ համանախագահները Նոյեմբեր 23ին հանդիպումներ ունեցած են նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի, Նոյեմբեր 26ին՝ Պաքուին մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի, իսկ Նոյեմբեր 21-22ին՝ Լեռնային Ղարաբաղի «տը ֆաքթօ իշխանութիւններ»ուն հետ: Համանախագահները Նոյեմբեր 21ին այցելած են Լեռնային Ղարաբաղի Զանգելան եւ Ճապրայիլ շրջանները, գնահատելու համար այդ շրջաններու զարգացման մակարդակը՝ իրենց վերջին այցլելութենէն՝ 2010ի Հոկտեմբերէն ի վեր:
Համանախագահները նախագահներ Սարգսեանի եւ Ալիեւի հետ քննած են Օգոստոսին եւ Սեպտեմբերին արտաքին գործոց նախարարներ Նալբանդեանի եւ Մամետեարովի հետ իրենց ունեցած անջատ հանդիպումներու արդիւնքները, ինչպէս նաեւ բանակցային գործընթացի շարունակութեան առնչուող շարք մը հարցեր, զորս երկու նախարարներուն ներկայացուցած էին Հոկտեմբեր 27ին, Փարիզի մէջ:
Կողմերը համաձայն գտնուած են աշխատանքներ շարունակելու արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.