ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Կիրակի, 11 Նոյեմբերի գիշերը, բոլոր հանդիսականներուն պէս մեծ բաւարարութեամբ եւ հպարտութեամբ դուրս եկայ Փասատինայի Civic Auditorium-էն, վայելելէ ետք Սուրիոյ հայութեան ի նպաստ կազմակերպուած երգահանդէսը։ Բոլորին պէս, միտքէս մեծ ՊՐԱՒՕներ բաշխեցի Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան մեր (Լոս Անճելըսի) գաղութի Միացեալ մարմինին եւ անոր բոլոր գործակիցներուն, որոնք իրականացուցին այս ձեռնարկը, յաջողեցան ոչ մէկ պարապ աթոռ ձգել երեք հազարնոց սրահին մէջ։
Հպարտ էի, որովհետեւ ականատես ու մասնակից էի ժողովուրդիս միասնութեան, միակամ կեցուածքին. հազարաւոր հանդիսականներ՝ պաշտօնական անձնաւորութիւններ ու մեր ժողովուրդի հարազատ զաւակներ, համախմբուած էին, ակնդիր եւ ունկնդիր ըլլալու Հայաստանէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն ու մեր շրջանէն դեռատի, երիտասարդ ու տարեց արուեստագէտներու երգին, նուագին. աշխարհի տարբեր շրջաններէն մէկտեղուած արուեստագէտներուն՝ որոնք եկած էին սիրայօժար, անվճար՝ գործնապէս յայտարարելու, որ հայրենի ու արտերկրի հայութիւնը միասնաբար կը կանգնի Սուրիոյ մեր տագնապահար օճախի զաւակներուն, պատրաստ է նեղ օրերուն աջակցելու անոր, այսօր, վաղը եւ միշտ, այնպէս՝ ինչպէս աջակցած է պատուհասեալ այլ օճախներու։ Կը մտածէի, որ իրենց բնակարաններուն մէջ «բանտարկութեան» մատնուած սուրիահայերը վստահաբար որոշ ամոքում պիտի զգան, ի լուր այս համախմբումին ու անոր սփոփարար արդիւնքին, պիտի գօտեպնդուին իրփնց վիշտը կաթիլով մը թեթեւցնող նախաձեռնութեամբ…
***
Հպարտ էի նաեւ այն յայտարարութեան համար, որ այս ու նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու ճամբով, արդէն իսկ որոշ օժանդակութիւններ հասած են տագնապահարներուն, իսկ յառաջիկայ օրերուն, նոր փոխանցումներ պիտի կատարուին։ Յետոյ…
Տուն հասնելէ ետք, նոյն օրը եւ յաջորդող օրերուն, համացանցի վրայ հետեւեցայ բարեկամներու կամ մամլոյ աղբիւրներու կողմէ փոխանցուած ժապաւէններու, որոնք նոր պատկերներ ցոյց կու տային Հալէպի, Տէր Զօրի եւ այլ քաղաքներու մէջ արձանագրուած աւերումներու մասին, պատկերներ՝ որոնք քաղուած են հայկական եւ ոչ-հայկական թաղամասերէ։ Բախումներն ու ռմբակոծում-ռմբահարումները աշխարհի աչքերուն կը ցուցադրեն ահաւոր իրականութիւններ, որոնք բառ ու հեքիաթ չեն, այլ ահաւոր ողբերգութեան մը տարբեր արարները։ Ողբերգութիւն՝ որ ունի բազմաթիւ երեսներ. թաղամասերու, բնակարաններու, գործատեղիներու քանդում, մարդկային բազմահազար զոհեր, երկրի մը ֆիզիքական քայքայումը՝ իր երեւակայելի ու աներեւակայելի բոլոր ստորաբաժանումներով…
Մտածումս յաճախ վերադարձաւ յիշատակուած հպարտառիթ պատկերին, սակայն զգացի, որ մեր՝ հայրենի ու արտերկրի հայութեան մինչեւ իսկ առաւելագոյն նուիրաբերումը բաւարար պիտի ըլլայ վնասներուն միայն մէկ մասնիկին դարմանումին։
***
Գոյացած օժանդակութիւններուն անբաւարար ըլլալուն զգացումը զիս չ՛առաջնորդեր այն մտածումին, որ պէտք է յուսալքուիլ ու ողբալ մեր անկարողութեան համար, այլ խթան կը հանդիսանայ այլ մտածումներու, թէ արդեօք ի՞նչ պէտք է ընել, որ օժանդակութիւնները ի՛սկապէս ազդու եւ արդիւնաւոր ըլլան։ Հաւանաբար հետեւեալ մտածումները քիչ մը երեւակայական ու երազային թուին, նկատի ունենալով ռազմաքաղաքական իրականութիւնները, մարդկային զոհերը հաշիւի չառնող շահերը. նման մտածումներ մինչեւ իսկ կրնան ենթադրել տալ, որ աշխարհի դաժան իրականութիւններուն դիմաց, մեր ոտքերը կը կտրենք գետնէն, կամ, լաւագոյն պարագային, այս մտածումները դատապարտուած են նմանելու անապատի տաք աւազին ձգուող կաթիլ մը ջուրի…։ Այս բոլորով հանդերձ, պէտք չէ մոռնալ, որ շատ մը անիրականանալի թուացող մտածումներ, երազներ, կրնա՛ն գտնել իրականացման միջոցները, եթէ միացեալ ձեռքերով, բազմաճիւղ ու բազմամակարդակ գործակցութեամբ դարմաններ որոնենք։
Ահա թէ ի՛նչ։

Սուրիոյ հայութեան հասնող հարուածները մաս կը կազմեն այդ երկիրը պատուհասող շատ աւելի լայնածիր հարուածներու տարափի մը, որուն պատճառած նիւթական, բայց մանաւանդ մարդկային վնասները, հետեւանքները դարմանելը ո՛չ մեր, ո՛չ ալ մեզի պէս «փոքրամասնութեան» մը կարողութեան սահմաններուն մէջ է։ Ամիսներէ ի վեր, Սուրիան կ՛ապրի ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԻՒՆԱԼԻ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ մը, որուն տարողութիւնը աչքի առջեւ ունենալով, կը փոքրանան ու կը նսեմանան բոլոր այն հաւաստիքներն ու յոխորտանքները, որոնք դրօշի վերածուած են այդ երկրին բարեփոխման առաջադրանքով։
ՈՉ ՄԷԿ ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔ ԿՐՆԱՅ ԱՐԴԱՐԱՑՆԵԼ ԱՅՆ ԱՀԱՒՈՐ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԵՍՆԵՐԸ։
Հոս չենք ուզեր մտնել սուրիական այս կամ այն կողմը դատապարտելու, յանցաւորներ փնտռելու, կամ՝ կողմերէն մէկուն կամ միւսին թիկունք կանգնողներուն ճիշդ կամ սխալ ըլլալը վերլուծող ոլորապտոյտին մէջ, այլ կ՛ուզենք անգամ մը եւս ընդգծել, որ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՅՍ ԵՂԵՌՆԱՊԱՏՈՒՄԸ ոչ մէկ պատճառաբանութեամբ կրնայ արդարանալ։ Եւ սա միայնակ պարագայ չէ, նոյնը ըսուած է Լիբանանի, Իրաքի, Կազա-Պաղեստինի եւ միլիոններու կեանքը մանգաղած անցեալի ու ժամանակակից տագնապներու մասին։
Դարմանումի աւելի՛ ազդու միջո՞ցը. «մասնակի» ուժերուն ու կարողութեանց միացումը, մեկնելով ամբողջ Սուրիոյ վիճակուած ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ վերջ տալու նախանձախնդրութենէն, կամքէն։
Իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներ, մենք շատ-շատերէ աւելի՛ լաւ գիտենք, թէ մարդկային տարբեր ձեռքեր ինչո՛ւ պէտք է միանան ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿԻ մը շուրջ, ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԸ ՊԷՏՔ Է ԱԶԱՏԱԳՐԵԼ քաղաքական-տնտեսական-ռազմագիտական տարաբնոյթ հաշիւներէ ու մեքենայութիւններէ, ծուղակներէ։
***
Այս մտածումին ու առաջադրանքին մէջ, մենք՝ հայերս, վստահաբար առանձին չենք, որովհետեւ ի՛նչ կրօնքի, գաղափարի կամ գոյնի ալ պատկանին մարդիկ, ունին հասարակաց գիծեր, տագնապի թէ յաջողութիւններու դիմաց։ Եւ ճիշդ ա՛յս մտածումով ալ, պէտք է դիմել մեր ազգային շրջանակէն անդի՛ն տարածուող, աշխարհի իրադարձութիւնները իրապէ՛ս վարող ուժերուն վրայ բարեմիտ ազդեցութիւն բանեցնելու ձգտող քայլերու։ Օրինակի համար՝
Փութալ հաւաքագրել մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի, ինչո՞ւ չէ նաեւ այլ աշխարհամասերու կրօնական ազդու առաջնորդները, սկսելով քրիստոնէական տարբեր համայնքներու գերագոյն առաջնորդներէն (որոնք արդէն տասնամեակներէ ի վեր միջ-եկեղեցական գործակցական ոլորտներ ստեղծած են – Էքիւմենիք շարժումը), անցնելով իսլամական տարբեր յարանուանութեանց հոգեւոր ղեկավարներէն, որոնք կրնան գտնուիլ Իրանէն մինչեւ Եգիպտոս, Մարոք ու Ծոցի երկիրներ տարածքին մէջ, հասնելով մինչեւ հրէական կրօնականներու շրջանակը, տարածուիլ մինչեւ Տալայ Լամային պէս առաջնորդներու ծիրը։ Փաստօրէն, չկայ կրօնական որեւէ հոսանք կամ ոեւէ առաջնորդ, որ խղճի հանդարտութեամբ դիտէ ու անտարբեր մնայ օրըստօրէ ծանրացող այս ողբերգութեան դիմաց, որովհետեւ որեւէ կրօնի էութիւնը, փիլիսոփայութիւնն ու կիրարկումը չի կրնար հանդուրժել անոր շարունակումը։ Բնականաբար ի մտի չունինք «ծայրայեղական» որակումով ծանօթ թրքատիպ շրջանակները, որոնք կրօնքի առեւտրականներ են, կրօնական սկզբունքերը չարաշահողներ. զանոնք կարելի չէ առնչել որեւէ ճշմարիտ կրօնի հետ, այլ առաջադրուած ճիգերը պէտք է նկատի առնեն զանոնք սանձելու եւ ջլատելու միջոցները։
Զուգահեռաբար, պետական, դիւանագիտական եւ քաղաքական կազմակերպութեանց «գործիքները» պէտք է ոտքի կանգնեցնել, որպէսզի ողբերգութիւնը վարողներուն յիշեցում կատարուի, թէ ճամբայ հանուած շարժումները շատոնց դադրած են ծառայելէ իրենց նպատակներուն, ընդհակառակն՝ լայն ասպարէզ բացած են ծայրայեղականներու եւ աւազակախումբերու առջեւ, որոնց յելուզակութիւնները նոյնքան ու աւելի՛ ծանր հետեւանքներ կ՛ունենան, որքան նոյնինքն զինեալ գործողութիւնները՝ բախումներ, դիրքերու փոխադարձ գրաւումներ, ռմբակոծումներ, ականուած ինքնաշարժներով ահաբեկչութիւն, արձակազինութիւն եւ այլն։ Քաղաքական չմշկումներու ժամանակը սպառած է, կեանքեր փրկելու համար պէտք է գիտակից ըլլալ եւ տէր կանգնիլ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆՑ։
Հորիզոնական գիծերու վրայ պէտք է շարժումի լծել բարեսիրական ու մարդասիրական կազմակերպութիւններ, միաւորներ, ՄԱԿի թէ պետութեանց մակարդակներուն վրայ։ Անոնց կողքին՝ նաեւ արուստագէտներ, մտաւորականներ ու արհեստավարժ միաւորներ (ցանկը կարելի է երկարել՝ ընդգրկելու համար ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԻՔՆ ու ԱՇԽԱՐՀԻ ԻՍԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄԸ ՑԱՆԿԱՑՈՂ ՏԱՐԲԵՐ ՄԻԱՒՈՐՆԵՐ), որպէսզի բոլորն ալ իրենց ձեռքերը միացնեն ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՂԷՏը սանձելու, կասեցնելու ի խնդիր։
Բազմաճիւղ ու բազմամակարդակ այս շարժումը պիտի ունենայ մէկ գլխաւոր նպատակ. պիտի ըլլայ կոչ մը համա՛յն մարդկութեան ու աշխարհի իսկական վարիչներուն, թէ՝ պէտք է անյապաղ վերջ տալ բոլոր այն քայլերուն, փորձերուն ու հրահրումներուն, որոնք մեղմացնելու եւ խեղդելու փոխարէն՝ կը ծառայեն ողբերգութեան շարունակման, խորացման, պատճառ կ՛ըլլան այն մտահոգութեան, որ ողբերգութիւնը անվախճան ճամբու մէջ է։
Գահավէժ ընթացքը կարելի՛ է կասեցնել կարճ ժամանակի մէջ։
***

Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ մարդկային ամէնէն արիւնալի ողբերգութիւններն ալ ի վերջոյ վերջ մը ունեցած են, ու մարդիկ ափսոսանքով անդրադարձած են, թէ որոշ նպատակներ կարելի էր իրականացնել փոխադարձ հասկացողութեամբ, փոխ զիջումներով, իրարու հետ ՄԱՐԴԿՕՐԷՆ վերաբերելու միջոցով, որովհետեւ ԱՅԼ ՄԻæՈՑՆԵՐ, ՄԱՆԱՒԱՆԴ ԲՐՏՈՒԹԻՒՆԸ, ՉԵՆ ԻՐԱԳՈՐԾԱԾ ԼԻԱՐԺԷՔ ՈՒ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ։
Կրկնենք. նման բազմաճիւղ գործակցութեամբ, ազդու ուժերը պէտք է դնել իրենց պատասխանատուութեանց դէմ յանդիման, ստիպել, որ անդրադառնան ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ տարողութեան, ծաւալին, գործեն ողբերգութեան վերջ տալու տրամաբանութեամբ։
Եւ չմտածենք, որ մենք՝ հայերս, փոքր ժողովուրդ ենք ու մեր միջոցները սահմանափակ են։ Մենք մեզ դնենք ազնիւ մարտահրաւէրի մը դիմաց, օգտագործելով մեր պետական, քաղաքական, հոգեւորական եւ բազմապիսի կարողականութիւնները։ Ճգնինք միացնել ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ կասեցնելու համախոհներուն ձեռքերը, կամքերը, գո՛րծը, դէպքերը վարողներուն վրայ ազդելու կարողականութիւնը ստեղծենք մեզմէ անդին տարածուող շրջանակներու մէկտեղումով։
Լոս Անճելըս