ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
(Յստակացում Վաչէ Բրուտեանի «Քաղաքացիական Հասարակութիւն. Ռազմավարութիւն եւ Մարտավարութիւն» յօդուածի ակնարկին, «Ասպարէզ», Չորեքշաբթի, 27 Նոյեմբեր, 2012, http://asbarez.com/arm/147489/)
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Վաչէ Բրուտեան իր «Քաղաքացիական Հասարակութիւն. Ռազմավարութիւն եւ Մարտավարութիւն» յօդուածով մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ Հայերը եւ Յառաջդիմական Քաղաքականութիւնը չորրորդ համաժողովի մասնակից երեք բանախօսերու ներկայացուցած կազմակերպութիւններու՝ Pink, Human Rights Watch եւ Open Society մասին եւ անոնց «յառաջդիմականութիւնը» կը մերժէ:
Տարակարծիք չեմ իր բերած փաստերուն՝ ինչ կը վերաբերի ի մասնաւորի Human Rights Watch եւ Open Society-ի յաճախ երկդիմի կեցուածքներուն, սկզբունքազուրկ (կա՛մ այլ սկզբունքերով թելադրուած…) լռութիւններուն եւ մինչեւ իսկ քաղաքական ուղղակի թէ անուղղակի մեղսակցութեանց: Կը մնայ որ, առաջին, զոյգ կազմակերպութիւններու հետապնդած նպատակները՝ մարդկային իրաւանց եւ բաց հասարակութեան պաշտպանութիւն, որպէս այդիպիսին յառաջդիմական են, եւ, երկրորդ, իրենց բոլոր քննադատելի ու ժխտական կողմերով հանդերձ, զոյգ կազմակերպութիւններն ալ իրենց հետապնդած համամարդկային դատերուն մէջ ունեցած են նաեւ դրական ներդրում:
Ճորճ Սորոսի հրապարակային քննադատութիւնը Ճորճ Պուշի քաղաքականութեան ինչպէս նաեւ Պարաք Օպամայի պաշտպանութիւնը ծանօթ է: Այս առարկայական իրողութիւնը ընդունիլ չի նշանակէր անտեսել որ Սորոս համաշխարհային մասշտապով Մեծ Դրամագլուխի տիպար ներկայացուցիչներէն է, որուն հարստութեան կուտակումը հաւանաբար նոյնքան անպարկեշտօրէն եղած է որքան անպարկեշտ է նոյն ինքն Մեծ Դրամագլուխը:
Նոյնն է պարագան Pink կազմակերպութեան, այն իմաստով, որ սեռային տեսակի ազատութեան իրաւունքի պաշտպանութիւնը իր էութեամբ յառաջդիմական կեցուածք է՝ անկախ անկէ թէ անոր յանձնառութիւնը ստանձնողները ի՛նչ հաշիւներով եւ ո՛ր ուղղուածութեամբ կը գործեն: Այս իմաստով, անձն ու նոյնիսկ կազմակերպութիւնը կարելի է, անհրաժե՛շտ է քննադատել, բայց ոչ սեռային ինքնութեան ազատութեան իրաւունքը: Աւելցնեմ, որ Վաչէ Բրուտեան յստակօրէն կ՛ըսէ, թէ ինք հարց չունի սեռային ինքնութեան ազատութեան իրաւունքի հարցով, հետեւաբար այդ սկզբունքի յառաջդիմական բնոյթը հարցականի տակ չ՛առնուիր: Հաւանաբար իր քննադատութիւնը ուղղուած ըլլար Pink կազմակերպութեան, որուն «յառաջդիմականութիւնը» անընդունելի կը համարէր թէեւ այդ մասին մանրամասնութիւններ չկան իր յօդուածին մէջ:
Ամէնէն կարեւորը, իմ յօդուածիս երկրորդ բաժինը հիմնականօրէն քննադատական վերլուծման սեղմ փորձ մըն է այսպէս կոչուած «քաղաքացիական հասարակութեան» եւ, կարծեմ, բաւական յստակօրէն դիտել տուած եմ, որ կարելի չէ այս յղացքը զերծ պահել գաղափարախօսական ուղղուածութենէ: Նման «ապագաղափարախօսական»ութեան որեւէ յաւակնութիւն ինքնին գաղափարախօսութիւն է, որուն չեմ գիտեր եթէ կ՛անդրադառնան Հայաստանի «քաղաքացիական հասարակութեան» ներկայացուցիչները, ինչպէս կը նշեմ յօդուածիս աւարտին: Այս իմատով ալ տարակարծիք չեմ Վաչէ Բրուտեանին «յառաջդիմականութիւ-նը» սահմանելու իր գաղափարախօսական ենթաթեքսի մեկնակէտով, որ, կը կրկնեմ, անհրաժեշտօրէն իր օրակարգին վրայ պէտք է ունենայ մարդկային իրաւունքներու, բաց հասարակութեան եւ սեռային ինքնութեան ազատութեան սկզբունքները, որոնք իրենց էութեամբ յառաջդիմական են: