Հարցազրոյցը Վարեց՝
ՏԻՐՈՒԿ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Բ. Խօսքը» շարունակութիւնն է 2001ին հրատարակուած «Բժիշկին Խօսքը» աշխատասիրութեան: Շուրջ տասը տարի ետք՝ 2011ին, բժ. Կ. Հարպոյեան հայ հասարակութեան եւ ընտանիքներուն կը ներկայացնէ իր օգտաշատ երկրորդ գիրքը: Հեղինակը այս կարեւոր աշխատասիրութիւնը կը ձօնէ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած բոլոր հայ բժիշկներուն:
Հատորի հրատարակութեան առթիւ բժ. Կ. Հարպոյեան յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, իր ցուցաբերած քաջալերանքին եւ օժանդակութեան համար, ինչպէս նաեւ բժ. Վազգէն Տէր Գալուստեանին, որ կատարած է խմբագրական աշխատանքները եւ գրած գիրքին յառաջաբանը: Հեղինակը նաեւ իր երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը կը յայտնէ գիրքի մեկենաս «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական բաժանմունքին եւ անոր տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին: Գիրքը տպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն ներս, Անթիլիաս, Լիբանան, 2011ին:
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2012ին Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ «Բժիշկին Բ. Խօսքը» գիրքի շնորհանդէսը եւ ներկայացումը Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահէն ներս: Գիրքին ներկայացումը պիտի կատարէ բժ. Վազգէն Տէր Գալուստեան:
Ստորեւ՝ այս առթիւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի հետ կատարած հարցազրոյցը.
ՏԻՐՈՒԿ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ.- Ճոխ բովանդակութեամբ եւ առողջապահական գիտելիքներով հարուստ «Բժիշկին Խօսքը» գիրքէն ետք ինչո՞ւ «Բժիշկին Բ. Խօսքը»:
ԲԺԻՇԿ ԿԱՏՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ.- Բժշկական եւ առողջապահական գիտելիքներու փոխանցումը մեր ժողովուրդին համար խիստ կարեւոր նկատելով, առաջին գիրքիս հրատարակութենէն ետք որոշեցի հերթաբար պատրաստել բժշկական եւ առողջապահական նիւթեր շօշափող յօդուածներ, որոնց մէկ մասը լոյս տեսած են Սփիւռքի հայ մամուլին մէջ: Իմ երկու աշխտասիրութիւններուս նպատակն է՝ հնարաւոր եղած չափով ժողովուրդին փոխանցել հայերէն լեզուով եւ մատչելի բժշկական ու առողջապահական որոշ գիտելիքներ, թելադրութիւններ եւ դաստիարակչական մօտեցումներ: Կը յուսամ, որ իմ համեստ աշխատանքս պիտի արդիւնաւորուի եւ պիտի հասնի իր նպատակին: Հոս կ՛ուզեմ յստակեցնել, որ «Բժիշկին Բ. Խօսքը»ին թիրախը մեր ժողովուրդն է եւ ոչ թէ բժիշկները կամ բժշկական հիմնարկները: Անիկա բժշկական դասագիրք չէ:
Տ.Մ.- Ներկայ համացանցի դիւրութիւնները նկատի ունենալով, երբ բոլորս դիւրաւ կրնանք օտար լեզուներով բժշկական տեղեկութիւններ քաղել, ինչո՞ւ դուք կը փորձէք հայերէնով հանդէս գալ բժշկական եւ առողջապահական նիւթերով:
Կ.Հ.- Կը խորհիմ որ հայերէն լեզուով գրուած նման հրատարակութիւններ խիստ կարեւոր են, որովհետեւ հայ լեզուի միջոցաւ համայնական գիտելիքներ հայ անհատին աւելի հարազատօրէն կը փոխանցուին եւ աւելի դիւրամատչելի եւ դիւրին հասկնալի կը դառնան: Այս բոլորին կողքին, ես կը խորհիմ, որ մենք ալ այլ ժողովուրդներու նման ունենալու ենք մեր մայրենի լեզուով բժշկական հրատարակութիւններ եւ գրականութիւն: Վերջ ի վերջոյ անիկա մաս կը կազմէ հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթին: Անցեալին Փարիզի «Հայ Բոյժ»ը եւ Պէյրութի «Բժիշկ»ը այս ուղղութեամբ մեծ բաց մը կը գոցէին: Դժբախտաբար ներկայիս նման գրականութիւն չենք տեսներ սփիւռքահայ կեանքին մէջ: Նոյնիսկ հազուագիւտ են հայ մամուլին մէջ հայ ժողովուրդը լուսաբանող բժշկական եւ առողջապահական յօդուածները:
Տ.Մ.- Մեծապէս տպաւորիչ եւ հետաքրքրական են «հայ բժշկութիւնը հին դարերէն մինչեւ 19րդ դարու սկիզբը» յօդուածին տեղեկութիւնները: Կարելի՞ է ընդհանուր գիծերու մէջ մեր ընթերցողներուն փոխանցել հակիրճ տեղեկութիւններ այդ մասին:
Կ.Հ.- Հայկական եւ օտար պատմական վաւերաթուղթեր եւ ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս նաեւ հայ հեղինակաւոր մատենագիրներու բազմաթիւ երկերը կը վկայեն, որ հայ բժշկութիւնը ունեցած է բարձր մակարդակ եւ զարգացում շատ հին դարերէն սկսեալ: Հայաստանի հին աւանդական բժշկութիւնը զարգացած է օգտագործելով երկիրին բուսական, կենդանական, ջրային եւ հանքային հարստութիւնը՝ քաջ գիտնալով ասոնց բուժիչ յատկութիւնները: Ունեցած ենք բարձր մակարդակի հայ նշանաւոր գիտնականներ եւ բժիշկներ, որոնք յայտնաբերած են գիտական եւ բժշկական նոր գաղափարներ եւ ինքնատիպ դարմանական միջոցառումներ: 1184ին Մխիթար Հերացին հմտութեամբ զարգացուցած է բորբոքումի նոր տեսութիւններ: Ամիրտովլաթ Ամասիացին 15րդ դարու երկրորդ կիսուն գրած է իր հազուագիւտ եւ հռչակաւոր հանրագիտարանը՝ «Անգիտաց Անպէտ»ը, որ կը ներկայացնէ այդ օրերու դեղաբանական գիտելիքներու ամբողջութիւնը: Քրիստոսէ ետք 260 թուականին Աղուիդա Իշխանուհին հիմնած է Հայաստանի առաջին բորոտանոցը, եւրոպական բորոտանոցներու հիմնադրութենէն երկու դար առաջ: Յատկանշական երեւոյթ եղած է թագաւորներու, իշխանուհիներու եւ կրօնաւորներու լուրջ հետաքրքրութիւնը եւ հոգածութիւնը հանդէպ ժողովուրդին առողջութեան եւ բժշկութեան: Նոյնիսկ եղած են կրօնաւորներ, օրինակ՝ Գրիգոր Տաթեւացին, որոնք մասնագիտացած են բժկութեան մէջ եւ բերած իրենց ներդրումը:
Տ.Մ.- Բաղդատելով «Բժիշկին Խօսքը» աշխատասիրութեան հետ, ի՞նչ նոր գլուխներ կամ նիւթեր եկան ճոխացնելու եւ աժմէականացնելու այս նոր աշխատասիրութիւնը:
Կ.Հ.- «Բժիշկին Բ. Խօսքը»ին բովանդակութիւնը կը յատկանշուի ընտրութեամբ նոր նիւթերու, որոնք աժմէական բնոյթ ունին: Արդէն երկար խօսեցանք «Հայ բժշկութիւնը հին դարերէն մինչեւ 19րդ դար» յօդուածին մասին: Գիրքիս երկրորդ գլուխը կազմուած է երեք յօդուածներէ, որոնք կը խօսին օրկաններու փոխպատուաստումի, ոսկրածուծի փոխպատուաստումի եւ հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու գրանցամատեանի (ՀՈՆԳ) մասին: Կ՛ուզեմ անդրադառնալ միայն «ՀՈՆԳ» յօդուածին: «ՀՈՆԳ»ը հիմնուած է 1999ին Լոս Անճելըսի մէջ, երբ սպիտակարիւնութենէ տառապող հայ աղջնակի մը դարմանումը սովորական դեղերով կը ձախողի եւ աղջնակը կը կարօտի ոսկրածուծի փոխպատուաստումի, որուն իրականացումը կը պահանջէ ոսկրածուծի նուիրատուի մը, մանաւանդ՝ հայ նուիրատու մը: «ՀՈՆԳ»ի առաքելութիւնն է՝ արեան կարգ մը մահացու հիւանդութիւններէ տառապող հայ հիւանդներուն, ուր որ ալ գտնուին անոնք, օգտակար դառնալ ոսկրածուծի փոխպատուաստումով: «ՀՈՆԳ»ին նպատակակէտն է՝ գտնել այս հիւանդներու արեան եւ ծիներուն յարմարող ոսկրածուծ, որ կրնայ փրկել անոնց կեանքը: Անիկա կը փորձէ իրարու քով բերել երկու հայեր ամբողջ աշխարհի տարածքին, մէկը՝ տալու եւ միւսը՝ ստանալու կեանքին եւ ապրելու նուէրը:
Տ.Մ.- «Բժիշկին Բ. Խօսքը» ոչ միայն կը փոխանցէ առողջապահական գիտելիքներ, այլ մեզ մեծապէս կը տպաւորէ իր հարուստ բառամթերքով, գիտական հայեցի բառապաշարով: Որքա՞ն եւ ինչպիսի՞ աշխատանք եւ պրպտում կատարած էք հասնելու համար այս սքանչելի եւ օրինակելի արդիւնքին:
Կ.Հ.- Բժշկական եւ մասնագիտական բառերը հայերէն լեզուով գոյութիւն ունեցած են անցեալին եւ գոյութիւն ունին այսօր: Մեր լեզուն հարուստ է այս տեսակէտով: Նոյն իսկ Մխիթար Հերացին 12րդ դարուն եւ Ամիրտովլաթ Ամասիացին 15րդ դարուն ունեցած են հարուստ բժշկական հայերէն բառամթերք: Մենք հազուադէպօրէն կը գործածենք հայերէն բժշկական բառեր մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Օտար լեզուով բառերը կը գտնենք աւելի հրապուրիչ եւ աւելի գործնական: Մեր պարտականութիւնն է պահպանել մեր լեզուին իւրայատուկ մասնագիտական բառերը ներկայ դարուս համաշխարհայնացումի վտանգին դէմ: Ես օգտագործած եմ շատ մը հայերէնէ-անգլերէն եւ անգլերէնէ-հայերէն բառարաններ գտնելու համար հայերէն լեզուով բժշկական բառեր: Մեծապէս օգտագործած եմ վերջին հինգ տարիներուն՝ 2004ին, հրատարակուած ծաւալուն «Անգլերէն-հայերէն բժշկական հանրագիտակ բառարան»ը, որ ունի 30,000 բժշկական բառերու թարգմանութիւն՝ հանրագիտական բացատրութիւններով: Անոր հեղինակն է Լոս Անճելըսէն դոկտ. Ալֆրէդ Դանիէլէան: Դոկտորը 40 երկար տարիներ աշխատած է իրականցնելու համար այս վիթխարի գործը:
Տ.Մ.- Այս կարեւոր եւ պիտանի աշխատասիրութիւնները ի՞նչ միջոցներով կը հասնի մեր հայ հասարակութեան եւ արդեօ՞ք որեւէ ճիգ կատարուած է զանոնք տրամադրելի դարձնելու հայրենիքի հեռաւոր շրջանները ապրող մեր հայրենակիցներուն:
Կ.Հ.- Հոս կ՛ուզեմ յիշել, որ երկու գիրքերուս իրաւունքը նուիրած եմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Հետեւաբար անոնք կը վաճառուին կաթողիկոսութեան գրախանութին մէջ: Տեղեակ չեմ եթէ գիրքերս կը վաճառուին այլ գրախանութներու մէջ՝ անոնք ըլլան Լիբանան կամ այլուր: Սակայն Արամ Ա. կաթողիկոսի որոշումով գիրքերէս մէկական օրինակ բաժնուած է Լիբանանի բոլոր հայ վարժարաններուն, մամուլի բոլոր օրկաններուն, բարեսիրական եւ առողջապահական կեդրոններուն եւ կազմակերպութիւններուն: Ես առաջին գիրքէս նուիրած եմ մօտաւորապէս 150 օրինակ Լիբանան եւ Լիբանանէն դուրս գտնուող իմ գործակիցներուս, բարեկամներուս եւ հարազատներուս: Մէկական օրինակ նուիրած եմ Հայաստանի Կրթական բարձր հիմնարկներու նախարարութեան, Երեւանի բժշկական համալսարանին եւ նոյն համալսարանի քիթ-կոկորդ-ականջ մասնագիտութեան բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի եւ Մոնթրէալի հայկական թերթերուն, կարգ մը հայ վարժարաններուն եւ հաստատութիւններուն:
Տ.Մ.- «Բժիշկին Բ. Խօսքը» աշխատասիրութեան վերջաւորութեան տեղ գրաւած է ձեր կենսագրութիւնը, ուր կը յիշուի «Հարպոյեան Ախտանիշ»ը (Harboyan Syndrome): Կրնա՞ք լուսաբանել մեր ընթերցողները այս ուղութեամբ:
Կ.Հ.- 1971ին Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցին մէջ կատարեցի «եղջերիկի ընդոծին թերաճութեան» (congenital corneal dystrophy) եւ «լսողական ջիղի յառաջընթաց ժառանգական խլութեան» (hereditory sensorineural progressive deafness) միատեղ գոյութեան ախտաճանաչումը ընտանիքի մը երեք զաւակներուն մօտ: Երկար ուսումնասիրութենէ ետք ի յայտ եկաւ որ այս երեւոյթը բժշկական համաշխարհային գրականութեան մէջ բնաւ չէր յիշատակուած: Ուստի այս երեւոյթը յիշատակուեցաւ առաջին անգամ ըլլալով բժշկական համաշխարհային գրականութեան մէջ՝ գործակից ունենալով բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանը: Յետագային, 1990էն ետք այս երկու հիւանդութիւններու միատեղ գոյութիւնը իբրեւ նոր ախտանիշ համաշխարհային գրականութեան մէջ անուանուեցաւ՝ «Հարպոյեան Ախտանիշ»: Վերջին տասը տարիներուն ընթացքին ծինային մեծ ուսումնասիրութիւններ կատարուած են Ամերիկայի եւ Եւրոպայի բժշկական հիմնարկներու մէջ եւ գտնուած է «Հարպոյեան Ախտանիշ»ին ծինային դերութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Տ.Մ.- Երկար տարիներ ձեր գործօն եւ բեղուն մասնակցութիւնը բերած էք ազգային հասարական կեանքին՝ Լիբանանի եւ Գանատայի մէջ: Կրնա՞ք նշել ձեր ստանձնած կարեւոր պատասխանտուութիւններն ու պաշտօնները:
Կ.Հ.- Երիտասարդ տարիքէս փորձած եմ նուիրուիլ մեր ժողովուրդի ծառայութեան եւ գործօն մասնակցութիւնս բերել ազգային կեանքէն ներս՝ ուր որ ալ գտնուիմ: Եղած եմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր ժողովներու եւ կաթողիկոսական ընտրութեան ժողովի ատենապետ, Լիբանանի թեմի Ազգային երեսփոխան եւ Քաղաքական ժողովի ու Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ, Գանատայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ու Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ, «Ճինիշեան» հաստատութեան Լիբանանի խորհրդատու յանձնախումբի անդամ, ինչպէս նաեւ Լիբանանահայ Բժշկական միութեան գործադիր վարչութեան անդամ: Բերած եմ նաեւ իմ կամաւոր օժանդակութիւնս Լիբանանի հայկական բարեսիրական եւ առողջապահական-բժշկական կեդրոններուն եւ դարմանատուներուն: Անցնող հինգ տարիներուն երկշաբաթական դրութեամբ լոյս կը տեսնեն բժշկական առողջապահական յօդուածներս Պէյրութի «Ազդակ» եւ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթերուն մէջ եւ պարբերաբար Մոնթրէալի «Հորիզոն» շաբաթաթերթին մէջ:
Տ.Մ.- Արժանացած էք Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան շքանշանին եւ վկայագիրին: Կրնա՞ք մանրամասնել:
Կ.Հ.- 2009ին Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը պարգեւատրեց զիս Համազգայինի շքանշանով եւ վկայագիրով, ուր նշուած է՝ «Այսու կը հաստատենք թէ տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան երկար տարիներ անսակարկ նուիրումով աշխատած է հայ հասարակական կեանքի եւ յատկապէս Համազգայինի ծիրէն ներս»:
Տ.Մ.- Այս տպաւորիչ տեղեկութիւններէն ետք ի՞նչ են ձեր ապագայի ծրագիրները:
Կ.Հ.- Պատրաստութեան մէջ է երրորդ գիրքս, որ պիտի բովանդակէ 100 յօդուածներ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով: Գիրքս պիտի ձօնեմ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն հայ նահատակներուն:
Տ.Մ.- Շնորհակալութիւն այս սպառիչ բացատրութիւններուն ու տեղեկութիւններուն համար: Յաջողութիւն նաեւ ձեր ապագայի բոլոր ծրագիրներուն: