ԵՐԵՒԱՆ, «civilnet.am».– Թրքական «Պիանեթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը լոյս ընծայած է «Պոլսոյ հայկական բռնագրաւուած գոյքը» աշխատութիւնը։
Գիրքին մէջ ներկայացուած է Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ այլ անշարժ գոյքի բռնագրաւման պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ այն դէպքերը, երբ պոլսահայերը կրցած են վերադարձնել նախապէս իրենց պատկանած գոյքը։
Գիրքին մէջ տեղ գտած տեղեկութիւններուն համաձայն, Պոլսոյ հայկական հիմնադրամներուն (վագըֆ) կը պատկանէր 1328 միաւոր անշարժ գոյք, որուն կէսը՝ տարբեր պատճառաբանութիւններով, պետութիւնը բռնագրաւած էր: 10 տարիներու ընթացքին բռնագրաւուած գոյքէն ընդամէնը 143ը վերադարձուած է հայկական հիմնադրամներուն:
Գիրքին մէջ ներկայացուած է նաեւ այն, թէ ինչպէս հայկական այս կամ այն շինութիւնը վերադարձուած է տէրերուն: Խօսքը, մասնաւորապէս, Փերայի մէջ գտնուող Մխիթարեան հայկական արական նախակրթարանի մասին է, որ կառուցուած է 1830ին: Հետագային անոր տրուած է Պոմոնթիի կաթողիկէ հայկական նախակրթարան անունը: 2012ի Նոյեմբերին, հայկական հիմնադրամը երկարատեւ պայքարէ, դատական քաշքշուքներէ ետք կրցած է դպրոցը վերադարձնել հայկական համայնքին:
«Պոլսոյ հայկական հիմնադրամներու բռնագրաւուած գոյքը» աշխատութեան համաձայն, ներկայիս Պոլսոյ մէջ գոյութիւն ունին 48 հայկական եկեղեցիներ, 18 հայկական դպրոցներ, երկու հայկական հիւանդանոցներ եւ 20 հայկական գերեզմանատուներ: Դպրոցներուն մէջ, ընդհանուր առմամբ, կը սորվին շուրջ 3139 աշակերտներ: Փակուած է հայկական 10 եկեղեցի, 34 հայկական դպրոց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.