
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քանի մը օր առաջ հաղորդած էինք, թէ «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միջազգային միութեան» նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ, «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ թիրախ ցոյց տուած էր հայկական հաստատութիւնները՝ մէկ առ մէկ հրատարակելով բոլոր հաստատութիւններուն հասցէներն ու հեռաձայնի թիւերը։ Այս մասին լուրը հրատարակուած էր «Ռատիքալ» թերթի Նոյեմբեր 27ի թիւին մէջ:
Հակադարձելով այս արարքին՝ «Ո՛չ ազգայնապաշտութեան ու ցեղապաշտութեան» շարժումի անդամ խումբ մը անձեր Պոլսոյ դատական պալատ գացին եւ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29ին դատ բացին Կիւլպէյի դէմ։
Խումբին անունով խօսեցաւ Ճենկիզ Ալկան, որ նշեց, թէ նշեալ միութեան կեդրոնը կը գտնուի Իկտիրի մէջ եւ անհասկնալի է, թէ ինչպէ՛ս անիկա միջազգային կառոյց է, երբ մէկ մասնաճիւղ ունի եւ ընդամէնը՝ քանի մը անդամներ։ Այդ միութեան ամբողջ նպատակն է հայ հայրենակիցներուն մասին լուրեր հրապարակել, եւ տասը տարիէ ի վեր միայն ատո՛վ կը զբաղի։
Ալկանի համաձայն, Կիւլպէյ, հրապարակելով հայկական բոլոր հաստատութիւններու հասցէներն ու հեռաձայնի թիւերը՝ բացէ ի բաց թիրախ ցոյց կու տայ զանոնք. «Ասիկա վտանգաւոր զարգացում մըն է. բազմաթիւ անձեր կրնան օգտուիլ ատկէ։ Տեսանք, թէ ի՛նչ պատահեցաւ Հրանդ Տինքի հետ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, թէ պէտք չէ արտօնել, որ նման դէպքեր պատահին։
«Պիտի շարունակենք հետեւիլ այդ միութեան գործունէութեան եւ իրաւական բոլոր ճամբաները գործածելով՝ պիտի փոխադարձենք», ըսաւ Ալկան՝ պնդելով, թէ այս բոլորը ազգայնապաշտութեան բնազդային արարք մը չեն, այլ՝ կազմակերպուած գործընթաց մը։
«Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը կը մօտենայ, ու բացի պետութենէն՝ հասարակական կարգ մը կազմակերպութիւններ եւս գործի լծուած են հայկական պնդումները ջրելու համար։ Ատրպէյճանն ալ շարժման անցած է Թուրքիոյ զօրակցելու, ու կը վախնամ, որ սարսափելի դէպքեր պատահին», դիտել տուաւ Ալկան։
Ան յիշեցուց, որ տակաւին տարի մը առաջ Սեւակ Պալըքճը Ապրիլ 24ի օրով բացէ ի բաց սպաննուեցաւ, իսկ ոճրագործը տակաւին ազատ կ՛ապրի։
«Թէեւ նման միութիւններ ու անձեր անվնաս կը նկատուին, սակայն անոնց կողմէ մէջտեղ նետուածները իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան հաւաքականութեան վրայ։ Արդէն մեր երկիրին մէջ վերապահութիւններ կան հայերու դէմ։ Դատական նախարարութեան տուեալներուն համաձայն՝ 2005էն ի վեր, երեք օրը անգամ մը առնուազն, փոքրամասնական աղօթավայր մը կամ գերեզմանատուն մը պղծուած է», աւելցուց Ալկան։
Ալկան նշեց նաեւ, որ եթէ թրքական մզկիթներու կամ վագըֆներու ցանկ մը հրապարակուի, ապա ատիկա վտանգաւոր չի կրնար նկատուիլ, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ թուրքերու դէմ որեւէ սպառնալիք չկայ։ Սակայն եթէ նոյն բանը Գերմանիոյ մէջ պատահի, ապա թուրքերը թիրախ ցոյց տրուած պիտի ըլլան նոր ֆաշականներու համար։ «Այս ցանկերը առեւտրական կեդրոններու ցանկեր չեն։ Մարդոց վարժարաններու, միութիւններու, եկեղեցիներու եւ նոյնիսկ մէկ առ մէկ անձերու ցանկերն են անոնք», շեշտեց Ալկան՝ աւելցնելով, որ եթէ այդ հասցէներն ու հեռաձայնի թիւերը շարունակուին մնալ ցանցի վրայ, ապա «շահագրգիռ» շրջանակներ կամ անձեր, կրնան անհանգստացնել զանոնք ու խռովել անոնց առօրեան։