
Լոս Անճելըսի Քաղաքային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան հետեւեալ վկայութիւնը արձանագրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ.
«Հպարտութեամբ վկայ եղայ Նահանգային խորհուրդի նոր անդամ Ատրին Նազարեանի երդման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի օր: Յաջողութիւն կը մաղթեմ իրեն եւ օրէնսդիր մարմինի միւս անդամներուն՝ Քալիֆորնիոյ նահանգի ապագան կերտելու մարտահրաւէրները յաղթահարելու ճանապարհին»: