
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հետ կապուած իրավիճակը լուրջ անհանգստութիւն կը պատճառէ ԵԱՀԿին. Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5ին յայտնած է ԵԱՀԿի գլխաւոր քարտուղար Լամպերթօ Զանիեր, «Ռիա Նովոսթի»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
«Յոյս ունիմ, որ արտաքին գործոց նախարարները կը հանդիպին Տուպլինի մէջ եւ կը յաջողին ընդհանուր լեզու մը գտնել, որպէսզի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ հանդէս գան համատեղ յայտարարութեամբ եւ անոր շնորհիւ յառաջ ընթանան», ըսած է ԵԱՀԿի գլխաւոր քարտուղարը:
Ըստ անոր՝ ներկայ հանգրուանին նոյնիսկ այդպիսի փոքր քայլ մը շատ կարեւոր է տագնապի կարգաւորման համար, յատկապէս հաշուի առնելով, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութիւններ պիտի կայանան:
Զանիեր ընդգծած է, որ կողմերը պէտք է քաղաքական կամք դրսեւորեն՝ խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով խնդիրի լուծման հասնելու, ինչպէս նաեւ աւելի կանուխ ստանձնուած պարտաւորութիւնները արդիւնաւէտօրէն կատարելու համար:
«Ես նկատի ունիմ հրադադարի ամրապնդումը եւ սահմանային միջադէպերու հետաքննութեան միջոցներու հաստատումը, որոնք պիտի նպաստեն նաեւ սահմանային գօտիին վրայ բնակողներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն: Զուգահեռաբար, պէտք է զարգացնել շփումները քաղաքացիներուն միջեւ՝ քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութեանց եւ լրատուամիջոցներու օգնութեամբ, ինչ որ պիտի նպաստէ վստահութեան անհրաժեշտ մթնոլորտի ստեղծման», ընդգծած է Զանիեր: