
Ինչպէս յայտնի է, Թուրքիոյ մէջ վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին բաւական աղմուկ բարձրացաւ մարդկային ու քաղաքացիական իրաւանց նոր յանձնակատարի մը ընտրութեան առիթով, որովհետեւ կը պնդուի, թէ իբրեւ դատաւոր անոր արձակած վճիռները ցոյց կու տան, թէ ան անկողմնակալ մը չի կրնար ըլլալ։ Անոր վճիռներուն շարքին են Հրանդ Տինքի դէմ արձակուած տխրահռչակ վճիռը, որ անոր մահուան պատճառներէն մէկը կը նկատուի:
«Մարմարա» կը գրէ, թէ այս կապակցութեամբ «Թարաֆ»ի մէջ Դեկտեմբեր 7ին յօդուած մը ստորագրած է Մուրատ Գափքըներ, որ կը պնդէ, թէ նշեալ պաշտօնը պէտք է հայու մը վստահուի:
«Եթէ ըսէք, որ փոքրամասնութիւնները պետութենէն կրած իրենց վնասներուն պատճառով անկողմնակալ չեն կրնար ըլլալ կամ քինախնդիր են, ապա կրնանք պատասխանել, որ այդպիսի մէկը թէ՛ թուրք ժողովուրդին եւ թէ պետութեան նկատմամբ հաւասար հեռաւորութեան վրայ պիտի կանգնի։ Մեր երկիրին մէջ չկայ հայ հայրենակից մը, որ այդքա՛ն մեծ ատելութիւն զգայ մեզի նկատմամբ», եզրակացուցած է յօդուածագիրը։