ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7ին, վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի հետ՝ քննելով Թրիփոլիի զինեալ բախումները զսպելու նպատակով տարուող աշխատանքները:
Միքաթի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը եւ ապահովութեան ուժերը իրենց պարտականութիւնը լաւագոյն ձեւով կը կատարեն:
Նոյն օրը, արձակազէններ երկու զոհ եւս խլեցին Թրիփոլիի մէջ, որուն Պապ Թըպպանէ եւ Ժապալ Մըհսեն շրջաններուն միջեւ զինեալ բախումները շարունակուեցան, յատկապէս Սուրիա փողոցին վրայ, որ երկու շրջանները իրարմէ կը բաժնէ:
Լիբանանեան բանակը շարունակեց իր խիստ հսկողութիւնը, անցարգել զետեղեց այդ շրջաններու մուտքին ու խուզարկեց այդ շրջանները մուտք գործող բոլոր ինքնաշարժները:
Բանակը նաեւ շրջուն ջոկատներով հսկեց Պապ Թըպպանէն եւ Ժապալ Մըհսենը, ինչպէս նաեւ հակադարձեց բոլոր կրակոցներուն: Անիկա յաւելեալ զինուորներ հաստատեց Սուրիա փողոցին մէջ՝ փորձելով իր ամբողջական հակակշիռին տակ առնել կացութիւնը եւ վերջ տալ զինեալ բախումներուն ու արձակազինութեան:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ ապստամբները զինելու յանցանքով ամբաստանուող «Նախ Լիբանան» երեսփոխանական պլոքի անդամ Օքապ Սաքըր, ամբաստանութիւններուն պատասխանեց մամլոյ ասուլիսով մը, որ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ, Հինգշաբթի օր: Ան շեշտեց, որ իր հեռաձայնային զրոյցներու արձանագրութիւնները, որոնց հիման վրայ կ՛ամբաստանուի, ամբողջական չեն՝ աւելցնելով, թէ հեռաձայնային խօսակցութիւնը այն անձին հետ, որ զէնք եւ նիւթական գումարներ կը պահանջէր, Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու փոխարէն էր: Նոյն օրը, Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային զոյց մը ունեցաւ Սաքըրի հետ՝ շեշտելով, որ սուրիացի ժողովուրդին նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնը պիտի շարունակուի, որպէսզի «յեղափոխութիւնը յաղթանակով աւարտի»: Նախկին վարչապետը հաստատեց, որ սուրիական յեղափոխութեան նեցուկ կանգնելու քայլը «ազգային, բարոյական եւ արաբական պատասխանատուութիւն մըն է»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.