
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կիրակի, 25 Նոյեմբերին «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահը դարձեալ եռուզեռի մէջ էր: Հայկական վարժարաններու աշակերտները ողողած էին զայն: Անոնք խուռներամ բազմութեամբ ներկայացած էին մասնակցելու «Ազդակ»ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»ի խմբագրական կազմի կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին:
Աւելի քան 350 աշակերտներ ժամանած էին 18 հայկական վարժարաններէ:
Մրցումը, ըստ սովորականին, սկսաւ չորրորդ դասարանի աշակերտներով, որոնց համար հետաքրքրական նորութիւն մըն էր մրցումը: Այսպէս, առաջին հանգրուանը սկսաւ ժամը 3ին. այս դասարանի աշակերտներուն թիւը շատ բարձր էր, անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ կատարեցին «Անսխալ գրենք» մրցումը: Մրցումի աւարտին մասնակիցներուն բաժնուեցաւ յիշատակի նուէրներ, որոնք ամէն տարուան պէս տրամադրուած էին «Ազդակ»ի կողմէ: Ապա սրահը յաջորդաբար մուտք գործեցին 5րդ դասարանի աշակերտները ժամը 4ին եւ 6րդ դասարանի աշակերտները ժամը 5ին: Անոնք նոյնպէս մրցումի աւարտին ստացան յիշատակի նուէրներ: