Պատրիարքարանի Կարգադրութեամբ Կազմուած Յանձնախումբը Արդէն Սկսաւ Գործելու
ՊՈԼԻՍ.- Անցեալ Հինգշաբթի օր, Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրատուն այցելելով կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցեցած են Սեւան Շէշէթեան եւ Գամէր Թօքէր, որոնք անդամներն են պատրիարքարանի հովանիին տակ կազմուած այն խումբին, որ օգնութիւն պիտի ապահովէ Սուրիոյ մէջ նեղ կացութեան մատնուած հայերուն։
«27 Նոյեմբերի մեր թիւով հրատարակած էինք պատրիարքարանի դիւանի հաղորդագրութիւնը, ըստ որու կոչ կը կատարուէր իսթանպուլահայութեան, որպէսզի մեր ազգայինները իրենց նիւթական օժանդակութիւնը բերէին սուրիահայերուն օգնելու նպատակին։ Այս նպատակով կազմուած էր յանձնախումբ մը եւ այդ յանձնախումբի կարգադրութեամբ ալ կազմուած էր երիտասարդներէ բաղկացեալ խումբ մը, որուն անդամներն են՝ Նայեատ Գարաքէօսէ, Ռոպէր Գոփթաշ, Մելոտի Էօզեր, Գամէր Թօքէր, Մուրատ Կէօզօղլու, Ժիրիկ Շատեան, Սեւան Շէշէթեան, Արաս Պաղ, Նայեատ Տուրսուն, Ռազմիկ Տուրսուն։ Զանազան դրամատուներու մէջ ալ բացուած են հաշիւներ, ուր մեր ազգայինները պիտի կարենան յանձնել իրենց օժանդակութիւնները», կը գրէ «Մարմարա»։