
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաքուի մէջ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին կայացած է հանրային քննարկում մը, որուն ընթացքին Ատրպէյճանի «Պահեստի սպաներ» հասարակական միութիւնը պահանջած է անմիջապէս փոխել ատրպէյճանական բանակի ղեկավարութիւնը՝ յայտարարելով, որ զինուած ուժերուն մէջ զինուորներու յաճախակի մահուան դէպքերը հետեւանք են հրամանատարութեան սխալներուն:
Ըստ ատրպէյճանական «contact.az» լրատուական կայքին՝ միութեան նախագահ Եաշար Ճաֆարլի, բանակին մէջ զինուորներու յաճախակի մահերուն անդրադառնալով՝ յայտարարած է, թէ բանակի ղեկավարութիւնն ու զօրամասերու հրամանատարները զինուորներուն մահուան դէպքերուն լրջութեամբ չեն մօտենար:
«Հակառակ այն իրողութեան, որ տուեալ հարցը 2003էն ի վեր օրակարգի վրայ է, տարուէ տարի բանակին մէջ մահերու յաճախակիութիւնը կը շարունակէ աճիլ: Կազմակերպութիւնը այս հարցին լուծումը կը տեսնէ բանակի ղեկավար կազմի փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ բանակին նկատմամբ քաղաքացիական վերահսկողութեան ուժեղացման մէջ», ըսած է ան՝ ազդարարելով, թէ այլապէս՝ զինուորներու մահուան դէպքերը աւելիով պիտի աճին:
Այս տարուան ընթացքին, ըստ ատրպէյճանական զանգուածային լրատուական գործակալութեան հաղորդած տուեալներուն՝ առնուազն 93 ատրպէյճանցի զինուորներ մահացած են: Անոնցմէ 22ը անձնասպան եղած է, իսկ 13ը սպաննուած է ծառայակիցներու կողմէ: Նաեւ, 15 զինուոր ճանապարհային արկածներու զոհ գացած է, 13ը մահացած է հիւանդութիւններով, իսկ մնացեալը՝ զանազան այլ պատճառներով: Զոհուածներէն 5ը եղած է Ատրպէյճանի պետական սահմանային ծառայութեան զինուոր: