ՊԱՔՈՒ, «Թրենտ».- Իրան Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բողոքագիր մը յղած է Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին, ատրպէյճանցի երեսփոխանի մը կողմէ խնդրայարոյց յայտարարութեան մը կապակցութեամբ, որ որակուած է իբրեւ «տարածքային յաւակնութիւն»:
Ատրպէյճանի մօտ Իրանի դեսպանութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Մոհամմետ Այաթոլլա տեղեկացուցած է, թէ երեսփոխան Սապիր Ռուսթանխանլը համաժողովի մը ընթացքին առաջարկած է Իրանի տարածքէն ներս ստեղծել «Հարաւային Ատրպէյճան» անունով պետութիւն մը: Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է «Ատրպէյճանի հիւսիսի եւ հարաւի միջեւ կապերը. ներկայ իրադրութիւնը, հեռանկարներ եւ խնդիրներ» նիւթով համաժողովին ընթացքին:
Իրանեան բողոքագիրին մէջ պահանջուած է Պաքուի իշխանութիւններէն, որ մանրակրկիտ կերպով հետաքննեն այս հարցը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.