ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վաղուց այսպիսի յայտարարութիւն մը չէի կարդացած հայկական թերթերու մէջ: Ժամանակին, Խորհրդային տարիներուն, յաճախ կը տեսնէի «Կը Փնտռուի» վերնագիրով ազդեր, որոնք Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի թոհուբոհին մէջ կորսուած ազգակիցներ յայտնաբերելու յուսահատ ճիչեր էին:
Այս մէկը, զոր կարդացի Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօսի»ի էջերէն, բոլորովին նոր ուղղութիւն մը կը բանայ ընտանիքի անդամներու վերամիաւորման հայկական ողբերգութեան քարտէսին վրայ:
Ահա՛ «Խլաթցին ազգականները կը փնտռէ» վերնագիրով յայտարարութեան բնագիրը.
«Նախքան 1915 թիւը, Պիթլիսի Ահլաթ (Խլաթ) գաւառակի «Տափավանք» գիւղի երեւելի բնակիչներէն՝ «Փիլքօ» ընտանիքը, ըստ տեղեկութեանց, աքսորի տարիներուն ամբողջ գերդաստանով գաղթած է Երեւան: Ընտանիքէն միայն 13-14 տարեկան մանչ զաւակ մը, խումբէն բաժնուելով՝ մնացած է Թուրքիա եւ իսլամանալով բնակութիւն հաստատած Պաթման: Այժմ այդ անձին զաւակները՝ 5 տղայ եւ մէկ աղջիկ, ինչպէսեւ անոնց թոռները, կը փնտռեն իրենց ազգականները, որոնց մասին, յոյս ունին, որ Հայաստան կը բնակին: Տեղեկութիւն ունեցողներէն կը խնդրուի փնտռել՝ հեռ. 0537-414-70-32էն: Մազհար Թեքինը: Կը խնդրուի Հայաստանի թերթերէն արտատպել»:
Մենք ալ կը խնդրենք Հայաստանի մամուլէն արտատպել այս յայտարարութիւնը: Ընթերցողներուն կը թողունք երեւակայել, թէ այս ընտանիքներու վերամիաւորումը ինչպիսի՛ յուզումներ պիտի յառաջացնէ: Իսլամացած, բայց ոչ թրքացած հայ ընտանիք մը կը փնտռէ իր ազգակիցները: Ընտանիքի մեծը, վստահաբար, չկայ արդէն (այսօր 110 տարեկան պիտի ըլլար): Ի՞նչը դրդեց անոր զաւակները յաղթահարելու, Աստուած գիտէ, որքա՛ն խորունկ զգայնութիւններ եւ դուրս գալու՝ փնտռտուքի: Խիզախութի՞ւն է, արեան կա՞նչ է… Յամենայնդէպս, քա՛ղցր է: