
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».- Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան անասնաբուծութեան եւ անասնաբուժութեան վարչութեան պետ Աշոտ Յովհաննիսեան յայտնած է, որ ջայլամաբուծութիւնը զարգացման բաւական մեծ հեռանկարներ ունի Հայաստանի մէջ։
«Ջայլամներ բուծող տնտեսութիւններ մենք ունենք գրեթէ բոլոր մարզերում: Հայաստանում կան քանի հարիւր ջայլամներ, որոնք ներկրուել են 2-3 տարի առաջ եւ արդէն սեռահասուն տարիքի են», յայտնած է ան՝ «Նովոստի» միջազգային մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Անոր համաձայն, ջայլամին կեանքին տեւողութիւնը կրնայ հասնիլ 70 տարուան, անոնք տասնամեակներ շարունակ կրնան սերունդ տալ՝ տարեկան 20-40ական ձու:
«Մէկ թռչունը մինչեւ 110-115 կգ. քաշ է հաւաքում: Իւրաքանչիւր ջայլամից կարելի է ստանալ մինչեւ 45 կգ. մաքուր միս», նշած է Յովհաննիսեանը:
Ըստ անոր, թանկարժէք են ոչ միայն ջայլամի միսն ու կաշին, այլ նաեւ ձուի կճեպը, որմէ յուշանուէրներ կը պատրաստուին:
Յովհաննիսեան աւելցուցած է, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ կ՛արտադրուի քանի մը հարիւր քիլօկրամ ջայլամի միս, եւ զայն կարելի է գնել միայն հանրախանութներէն։