
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Լեռնային Ղարաբաղի Շահումեանի շրջանին մէջ, յատկապէս կրթական մարզին վերաբերող բարեկարգման ծրագիրները վերջին հանգրուանին թափ ստացած են։ Արդարեւ, եթէ 1999 թուականին Քարվաճառի դպրոցը ունէր ընդամէնը 32 աշակերտ, ապա այսօր միջնակարգ բաժինին մէջ կան 142 դպրոցականներ: Տարուէ տարի ոչ միայն աշակերտներուն թիւը կը բարձրանայ, այլ նաեւ Շահումեանի շրջանին ու կեդրոն Քարվաճառի ուսումնական հաստատութիւները բարեկարգելու ծրագիրները կ՛աւելնան։ 2011 թուականէն Քարվաճառի աշակերտները ուսում կը ստանան նորակառոյց դպրոցական շէնքին մէջ: