
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Համաշխարհային ողիմպիականի եռակի ախոյեան, ճատրակի վարպետ Լեւոն Արոնեան դարձած է Պէյժինկի մէջ աւարտած կոյր ճատրակի մրցաշարքի յաղթողը։ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, վերջին օրուան ընթացքին Արոնեանը ոչ ոքի խաղացած է ատրպէյճանցի Թէյմուր Ռաճապովի ու հունգարացի Փետեր Լեկոյի հետ եւ առաւելութեան հասած է չինացի Վան Հայոյի հետ կատարած խաղի աւարտին։
Իբրեւ վերջնական արդիւնք վաստկելով 5.5 միաւոր՝ Արոնեան գլխաւորեց մրցաշարքային ցանկը: Երկրորդ դիրքի վրայ է Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Հիքարու Նաքամուրան է, իսկ եռեակը կ՛եզրափակէ ատրպէյճանցի Շահրիյար Մամետեարովը:
Կիներու պայքարին մէջ հայ մարզիկ Էլինա Դանիէլեանը 3.5 կէտով գրաւած է 11րդ դիրքը։ Կոյր ճատրակի խաղը կ՝ընթանայ այնպէս, որ մրցակիցները չեն նայիր խաղատախտակին, չեն տեսներ ճատրակի քարերը եւ իրենց յիշողութեան վրայ հիմնուած քայլեր կ՛առնեն, շարժումները ճշդելով ճատրակին յատուկ խորհրդանիշերով: