
«Մալաթիա Կուչել» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Մալաթիա գտնուող հայկական գերեզմանատան աւերումէն ետք, նահանգային իշխանութիւններու ջանքերով վերակառուցուած է անոր պահակակէտն ու վերջին աղօթքի համար նախատեսուած մատուռը:
Տասնամեակներով անտեսուած գերեզմանատան աւերումը, այս տարուան սկիզբը բողոքի ալիքի պատճառ դարձած էր, եւ նոյնիսկ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան դատապարտած էր տեղի ունեցածը:
Մալաթիոյ հայկական գերեզմանատան մատուռը «թիւրիմացութեան մը հետեւանքով» քանդուած էր, եւ թրքական կառավարութիւնը զայն վերակառուցելու որոշում տուած էր:
Փետրուար 2ին քանդուած մատուռի վերակառուցման աշխատանքները արդէն իսկ աւարտած են:
Քաղաքապետարանի պաշտօնեաներուն կողմէ անոր քանդումը մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր Թուրքիոյ հայ համայնքի եւ քաղաքացիական հասարակութեան շրջանակէն ներս: Իբրեւ վերանորոգուած մատուռի քանդման պատճառ նշուած էր այն, որ թաղամասի թուրք բնակիչները բողոքած էին հայկական եկեղեցւոյ կառուցման դէմ: