ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար- Թասս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չի բացառեր Վրաստանի նոր վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլիի հետ հանդիպման կարելիութիւնը, «սակայն այդպիսի հանդիպումներ պէտք է լաւապէս նախապատրաստուին, որպէսզի որոշ դրական աւարտ ունենան», ըսած է ան: Դեկտեմբեր 20ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Փութին աւելցուցած է, թէ ցարդ նման հանդիպումի մը ոչ մէկ պաշտօնական դիմում կատարուած է:
Միւս կողմէ, Վրաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան աղբիւրներ յայտնած են, թէ ձերբակալուած է վեց հոգի, որոնց շարքին են ելեւմուտքի եւ ուժանիւթի ու կրթութեան եւ արդարադատութեան նախկին նախարարները, ինչպէս նաեւ՝ տնտեսութեան նախկին փոխնախարարը, որոնք կ՛ամբաստանուին զեղծարարութեամբ:
Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի, որուն ընդդիմադիրները իշխանութեան գլուխ կը գտնուին ներկայիս, քննադատած է իր գաղափարակիցներուն դէմ առնուած այս քայլերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.