ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Մոսկուա պաշտօնապէս չի ճանչնար սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը, «սակայն, պատրաստ է անոր հետ գործակցելու»՝ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու նպատակով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով, իր կարգին յայտարարեց, որ Ռուսիա կը զօրակցի Ժընեւի համաձայնութեան հիմամբ՝ «Սուրիոյ տագնապի քաղաքական անմիջական փոխզիջումային լուծման»:
Միւս կողմէ, սուրիական «Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին եւ Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած երկու նամակներով դատապարտած է պաղեստինցիներու Եարմուք գաղթակայանին մէջ տեղի ունեցածը, որուն պատասխանատու նկատած է ՄԱԿը՝ կոչ ուղղելով անոր, որ «պահանջէ ահաբեկչական խմբաւորումներու աջակցած եւ Եարմուք գաղթակայանի գրաւումը քաջալերած պետութիւններէն՝ այդ կազմակերպութիւններուն հեռացումը այդտեղէն»:
Աւելի ուշ, Սուրիական ազատ բանակը յայտարարեց, թէ արդէն իսկ Եարմուքէն կը հեռանայ, եւ գաղթականներուն կոչ ուղղեց իրենց բնակարանները վերադառնալու: Ըստ «Ռաշա Թուտէյ»ի՝ կարգ մը զինեալ խմբաւորումներ սկսած են գաղթակայանէն հեռանալու:
Նաեւ, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի խորհրդական Ատամա Տինկ զգուշացուց, որ Սուրիոյ փոքրամասնութիւնները կը գտնուին վրէժխնդրութեան վտանգին տակ:
Մինչ այդ, իսրայէլեան «Տեպքա» կայքը հաղորդեց, թէ Սուրիան Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ Յորդանանի հետ իր սահմաններուն վրայ ռուսական «Իսքանտար» հրթիռներ տեղակայած է, իսկ ՆԱԹՕն դարձեալ յայտարարեց, թէ Սուրիա զինեալ ընդդիմութեան դէմ «Սքատ» տիպի հրթիռներ արձակած է:
Վերջապէս, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը պատժամիջոցներ հաստատեց իրանեան երկու ընկերութեանց դէմ, որովհետեւ անոնք Սուրիոյ զէնք մատակարարած են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.