68 տարիներ եւ թերթի 19,999 թիւեր առաջ, նացիական լուծէն ետք Յունաստանի վերանկախացման խանդավառ ու յուսալից պայմաններուն մէջ, 25 Փետրուար 1945ին, լոյս կը տեսնէր յունահայ գաղութի օրաթերթ «Ազատ Օր»ի առաջին համարը: Փաստօրէն վերածնունդ մըն էր «Ազատ Օր»ի հրատարակումը, յետ-Եղեռնեան «Նոր Օր»ի հրատարակութենէն ետք:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան սեփականութիւն «Ազատ Օր» թերթը շաբաթը երեք անգամ կը հրատարակուէր առաջին շրջանին: Շուտով կը դառնար երկօրեայ, ապա ամէնօրեայ թերթ՝ ազգային ու հանրային ծառայութեան նուիրեալ խմբագիրներու աշխոյժ մղումով եւ աշխատանքով:
Թէեւ կեանքի դժուար պայմաններու տակ, սակայն ազատ երկրի մը մէջ նոր ապագայի յոյսով լոյս կ’ընծայուէր թերթը, որ շուտով պիտի սիրաշահէր իր ընթերցողները եւ երկարամեայ սիրուած օրաթերթ պիտի հանդիսանար:
Անակնկալներով, արկածախնդրութիւններով, յանդուգն քայլերով, լաւ ու վատ օրերով պիտի երկարէր մեր օրաթերթին ճանապարհը: Մանաւանդ որ կոչուած էր յաղթահարելու թշուառութեան ու անորոշութեան ժամանակաշրջանները, լոյսի նշոյլներ հրամցնելով ընթերցասէր հասարակութեան:
Յաջողեցա՞ւ «Ազատ Օր» իր այդ առաքելութեան մէջ:
Անվարան կարելի է ըսել՝ այո՛. «Ազատ Օր»ի հրատարակութեան պատասխանատուները սկիզբէն իսկ գիտցան ըմբռնել թերթը, որպէս մեր գաղութի ամրագոյն յենարանը:
Թերթին կուսակցական պատկանելիութիւնը ոչ միայն խոչընդոտ չդարձաւ այլազան նիւթերու հրապարակման եւ տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններու արձագանգումին, այլեւ կարելիութիւնը ընձեռեց կատարելապէս զուգորդելու կուսակցականն ու ընդհանրականը՝ գաղութի եւ համահայկական կեանքի հողին վրայ երկուքը միաւորելով եւ ազգային զարգացման առողջ ենթահող ստեղծելով: Այս իմաստով «Ազատ Օր»ի լայնախոհ, տարակարծիք մօտեցումները յարգող ու սկզբունքային կեցուածքը ընդունելի դարձան եւ գնահատուեցան յունահայ տարբեր շրջանակներուն կողմէ:
«Ազատ Օր» յաջողեցաւ նաեւ իր այդ առաքելութեան մէջ:
Տպագրական ու ճարտարագիտական զարգացումը տարբեր հանգրուաններ ստեղծեց՝ թերթի հրատարակութեան հետ կապուած: Թերթը նոր տարազներ հագուեցաւ, նորաձեւութիւններուն հետեւեցաւ՝ յունականն ալ, ելեկտրոնայինն ալ, տեսքն ու չափն ալ, գունազարդումն ալ, ամէն ինչն ալ փորձեց, ամէն նորարարութեան մէջ նետուեցաւ, որպէսզի միշտ նորոգուած ու թարմացուած հասնի իր ընթերցողներուն ձեռքը:
Բայց մեր առջեւ տակաւին կայ աւելին:
Մի՛շտ կայ աւելին՝ վերանորոգման ու վերաթարմացման առումով:
Որակական բարելաւումի հարցերը, ընթերցողներու տարիքային տարբեր խմբաւորումներու սպասումներուն բաւարարումը, բազմաճաշակութիւնը, արժանահաւատ լրատուութիւնը, քննադատ ակնոցները՝ պահանջներ ու առաջադրանքներ են, որ մեր թերթի մտասեւեռման մնայուն առարկաները կը հանդիսանան:
Յաջողեցա՞ւ «Ազատ Օր» նաեւ այս առաքելութեան մէջ:
Պատասխանը հաստատակամ կու տայ մեր թերթին անցեալի ու ներկայի պատկերը:
Կը Յաջողի՞ ապագային:
Այնքան ատեն, որ պիտի գտնուին հայ մարդիկ ու ընթերցողներ, որոնց համար առանցքային նշանակութիւն պիտի ունենայ հայկական օրաթերթն ու տպագիր հայ մամուլը, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ,
Եւ այնքան ատեն, որ հայկականութիւնը իւրաքանչիւր հայու մէջ պահպանելու եւ զարգացնելու դժուար մարտահրաւէրը պիտի շարունակենք դիմագրաւել ազգովին,
Կրնանք անտարակոյս պատասխանել՝ «այո՛»:
Երեքշաբթի,
08 Յունուար 2013