
Նոր Տարուայ մը սեմին, երբ սովորութիւն դարձած է բոլորիս մօտ, մեր սիրելիները խրատել՝ որ մոռնանք նախկինը, իր ցաւերով հանդերձ, եւ դիմաւորենք նորը՝ լաւագոյն տրամադրութիւններով, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւնս սրտագին կոչով մը կ՛ուզէ յուշել հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, թէ երբ ցաւ մը հաւաքական է եւ ոչ անձնական, այլեւս կարելի չըլլար կիրարկել վերոյիշեալ, թէկուզ հոգեբանականօրէն ճիշդ, տրամաբանութիւնը:
2013 տարին ուրախութեամբ դիմաւորելու թոհուբոհին մէջ եկէք պահ մը չմոռնանք թէ 2012ը, յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, ի՜նչ դժուար դարմանելի ցաւեր պատճառեց հայ ժողովուրդի բաղկացուցիչ կարեւորագոյն գաղութներէն մէկուն՝ սուրիահայութեան: Բոլորիս սիրելի, անխառն հայկականութեամբ յագեցած այդ գաղութը, մարդկային եւ տնտեսական առումով, շատ սուղ գին վճարեց եւ դժբախտաբար տակաւին կը վճարէ՝ երկրի ամբողջ տարածքին տեղի ունեցող ցաւալի եւ արիւնալի մարտերուն իբրեւ հետեւանք:
Սուրիահայ գաղութին ֆիզիքական գոյութիւնը մեծ վտանգի դէմ յանդիման կը գտնուի այսօր: Բռնագրաւեալ մեր հողերուն աշխարհագրականօրէն ամենամօտիկ՝ հայաբոյր այդ գաղութը, երկրին մէջ տեղի ունեցող արիւնահեղ դէպքերուն պատճառով, կը նօսրանայ օր ըստ օրէ: Անապահովութեան եւ նիւթական դժուարին պայմաններու մէջ կը գտնուին իրենց սիրելի ծննդավայրին տակաւին կառչած մնացող մեր ժողովուրդի սուրիահայ քաջարի զաւակները, մինչ խուճապի մատնուած, ֆիզիքական անվտանգութիւն եւ ապաստան կ՛որոնեն տակաւ աշխարհասփիւռ դարձող մնացեալ մեր քոյրերն ու եղբայրները:
Սուրիոյ արիւնալի տագնապը, թէ որքա՞ն ժամանակ եւս կ՛երկարի կամ ինչպիսի՞ աւարտ կ’ունենայ՝ դժուար է կռահել, սակայն ազգային մեր վեհ պարտաւորութիւնն է անվերապահօրէն նեցուկ կանգնիլ մեր սիրելի սուրիահայութեան, որ ատենին ոչ մէկ ճիգ խնայած է նիւթական թէ մարդկային այլեւայլ միջոցներ հայթայթելու համայն հայ ժողովուրդին՝ ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի:
Ուստի, մեր սրտագին կոչը կ՛ուղղենք հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն՝ որ հետեւողականօրէն ու միասնական ճիգերով, առաւել եւս զարգացուած միջոցներով շարունակուի Սուրիահայութեան օգնութեան ձեռք երկարելու օրհնաբեր աշխատանքը, որ ատենէ մը ի վեր, արդէն իսկ նախաձեռնուած է հայկական կազմակերպութիւններու կողմէ: Շարունակենք սրտբաց կերպով ընդունիլ ապաստան որոնող սուրիահայ մեր քոյրերն ու եղբայրները եւ, զուգահեռաբար, նիւթական ու բարոյական ոչ’ մէկ միջոց խնայենք հասնելու համար Սուրիոյ մէջ տակաւին յամառօրէն հաստատ մնացող մեր հարազատներուն:
Սուրիահայ գաղութին գոյատեւումը անգին է մեր ազգին ու անգնահատելի է սրբազան մեր Դատին համար: Հետեւաբար, հայատրոփ, պատմական այդ գաղութին ամէն գնով պահպանումը մեր բոլորին հաւաքական պարտաւորութիւնն է եւ նուիրական պարտականութիւնը:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ
ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ