ԹԵՀՐԱՆ, «Ֆարս».- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ Թուրքիոյ կայունութիւնը, ապահովութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը՝ Իրանի կայունութիւնն են: Ան աւելցուց, թէ Իրան կը զօրակցի Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի միջեւ սկսած խորհրդակցութեանց՝ միաժամանակ նշելով, որ թրքական կարգ մը լրատուամիջոցներ ջանք կը թափեն Փարիզի մէջ քիւրտ գործիչներու սպանութեան հարցով Իրանը մեղսակից դարձնելու: Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ Իսրայէլին մօտիկ եղող թրքական լրատուամիջոցները տարիներէ ի վեր կը փորձեն թրքական հասարակական կարծիքը Իրանի դէմ լարել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.