ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Քանի մը օր առաջ, ատրպէյճանական «Զերքալօ» թերթը տպագրած է «Բռնաբարա՞ծ են զինուորը, թէ ո»չ խորագիրով յօդուած մը, որ մեծ աղմուկ բարձրացուցած է երկրին մէջ: Յօդուածին մէջ կը նշուի, թէ Թարթառի շրջանի զօրամասերէն մէկուն հրամանատարը բռնաբարած է զինուոր մը ու հակառակ անոր, որ շրջանի զինուորական դատախազը անհիմն համարած է ամբաստանութիւնը՝ նոր տեղեկութիւններ հաստատած են զայն:
Ատրպէյճանի պահեստի սպաներու ղեկավար Եաշար Ճաֆարլի նշած է, որ իրենց կատարած հետաքննութենէն ի յայտ եկած է, թէ զօրամասին մէջ տեղի ունեցած է զինուորի մը բռնաբարութիւնը, սակայն վկաները կը վախնան այդ հարցով ցուցմունք տալէ:
Իրաւապաշտպան Քերիմ Քերիմլի նշած է, որ հետաքննութենէն պարզուած է, որ զօրամասի հրամանատարը նշեալ զինուորէն բացի՝ այլ զինուորներ եւս բռնաբարած է. «Բռնաբարուած զինուորը բողոքած էր իր հարազատներուն, որոնք զինք տարած են բժիշկի, որ իր կարքին հաստատած է, թէ զինուորը բռնաբարուած է», նշած է Քերիմլին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.