
ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի զաւակը՝ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ, Ուրբաթ, Յունուար 18ին մահափորձէ մը անվնաս փրկուեցաւ, երբ անծանօթներ ձեռնառումբ մը նետեցին անոր շքախումբին վրայ, որ կ՛անցնէր Թրիփոլիի Ազմի փողոցէն:
Յարձակումին հետեւանքով վիրաւորուեցան անոր չորս թիկնապահները, իսկ աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, թէ վիրաւորներէն մէկը մահացած է հիւանդանոցին մէջ: Լիբանանի նախագահը, խորհրդարանի նախագահը եւ վարչապետը դատապարտեցին յարձակումը: Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ Քարամէի շքախումբը թիրախ դարձնելու արարքը կը միտի թիրախ դարձնելու Թրիփոլիի կայունութիւնը:
Յիշեցնենք, թէ անցեալ տարուան ընթացքին այս քաղաքը թատերաբեմ դարձած էր Սուրիոյ համակիր եւ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու միջեւ բախումներու:
Նախարար Ֆայսալ Քարամէ մահափորձէն ետք տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ պէտք է պահպանել ազգային միասնականութիւնը՝ յարձակումը նկատելով Թրիփոլիի եւ ամբողջ Լիբանանի կայունութիւնը խախտելու փորձ: «Թրիփոլիի մէջ քաղաքացիական պատերազմի մը մէջ պիտի չներքաշուինք», ըսաւ Քարամէ: