ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ամէն ժամանակներէ աւելի, այսօրուան մանկավարժութիւնը նոր կերպերով կը ջանայ դաստիարակութեան գործը մասնագիտական մակարդակի բարձրացնել, ու մարդկային ընկերութեան ապագայ կեանքին համար իբրեւ ամէնէն էական նիւթը ներկայացնել:
Արդար մտահոգութիւն է այս, որովհետեւ աշխարհի բարոյական հիմքերը եթէ խախտին, արդէն տառապող ու յոգնած մարդկութիւնը, աւելի ու աւելի պիտի տանջուի: Լրատուական ընկերութիւնները, հաղորդակցութեան արագ միջոցներով, գրեթէ ամէն վայրկեան աշխարհը ցնցող լուր ունին փոխանցելիք ամէնուս, երկրագունդի այս կամ այն անկիւնէն բերուած: Կայծակնային արագութեամբ ամբողջ աշխարհ կ՛իմանայ մէկուն աղջկան կամ կնոջ բռնաբարուիլը, ուրիշին կողոպտուիլը, մէկ ուրիշին մորթուիլը, այլ մէկուն գլխատուիլը, եւ դեռ շատ աւելի անմարդկային արարքներով մէկը միւսին սպաննելու լուրերը: Պէտք է նաեւ ընդունիլ այն, որ նման լուրերուն առատութիւնը սկսած է պատճառ դառնալ, որ մարդիկ թէեւ հետաքրքրութեամբ ու մէկ շունչով կարդան այդ լուրը, սակայն, մէկ վայրկեան յետոյ մոռնան զայն, սպասելով նոյնատեսակ այլ լուրի: Կարճ պատգամներ փոխանցող հաղորդակցութեանց ընկերային ցանցեր, նման ցնցիչ լուրերու գլխաւոր աղբիւրները կը հանդիսանան:
Անցնող սերունդին համար մեծ ամօթ եւ հիւրին նկատմամբ անարգանք կը համարուէր այն, երբ ծնողը իր երեխան փորձէր կրթել հիւրին ներկայութեան: Իսկ երեխան ծեծելը հիւրին ներկայութեան՝ աւելի՛ քան անարգանք կը նկատուէր, ու գրեթէ հի՛ւրը ծեծել, կամ այդ ծեծին պատճառը հիւրը արհամարհե՛լ կը հասկցուէր:
Իսկ հիմա, ընդհակառակը, նոյնիսկ գովեստի արժանի ծնող կը նկատուի այն, որ հրապարակաւ իր զաւակները կը դաստիարակէ, երբեմն քաղցր եւ երբեմն խիստ ոճ օգտագործելով: Անշուշտ ծեծի դրութիւնը առհասարակ քաղաքակիրթ աշխարհէն դուրս մնացած է, սակայն տարբեր միջոցներով սրբագրումի կ՛ենթարկեն ծնողներ իրենց զաւակները եւ յաճախ ալ ցուցական՝ հրապարակաւ:
Տգէտ եւ ցուցամոլ ծնողներու պարագային չափազանցուած մօտեցումներու կը հանդիպինք, երբ իրենց չստացած կրթութիւնը կը փորձեն փոխանցել իրենց զաւակներուն, շրջապատին ցուցնելու, թէ ինչքա՛ն նախանձախնդիր են անոնց նկատմամբ: Միշտ շեշտը պէտք է դնել ծնողներո՛ւ դաստիարակութեան վրայ, քան թէ՝ զաւակներուն: Դաստիարակութեան անիւին ճշգրիտ պտըտուիլը այս տրամաբանութենէն կախեալ է: Տգէտ մայրը, թերի կրթութեամբ, անբաւարար դաս-տիարակութիւն պիտի տայ իր զաւակներուն, եւ անոնք վստահաբար աւելի նուազ աստիճանի կրթուած պիտի ըլլան, քան՝ ինքը: Բարոյապէս ուղիղ կրթութեամբ մեծցած մայրը, ճի՛շդ հակառակը՝ աւելի բարձր բարոյականով պիտի դաստիարակէ իր զաւակները, եւ անոնք իրմէ իսկ աւելի՛ կրթուած պիտի ըլլան:
Կեղծիքը խանգարիչ դեր կը կատարէ դաստիարակութեան գործին մէջ: Այս առումով, ծնողներ եւ դաստիարակներ պէտք է իրե՛նք ապրին այնպէս, ինչպէս որ կ՛ուզեն որ ապրին իրենց դաստիարակած անձերը: Անոնց ներկայութեան կեղծաւորաբար օրինակելի ըլլալը ո՛չ մէկ իմաստ ունի: Որովհետեւ կեանքը վարժութեան խնդիր է, եւ անպայման պիտի ներկայանայ առիթը, երբ դաստիարակին իսկական դէմքը յայտնուի, այդ ըլլա՛յ իր զաւակներուն դիմաց, եւ կամ՝ ըլլա՛յ այն անձերուն՝ որոնք իր խնամքին յանձնուած են դաստիարակուելու համար:
Աշխարհի ցնցիչ լուրերէն մէկը կը ներկայացնէր պատանիի մը անձնասպանական արարքը, աւերակ տան մը առաստաղէն ինքզինք կախելով, որուն պատճառը իր մօր պոռնկանալը իր իսկ աչքերով տեսած ըլլալն էր: Ինչո՞ւ այս արարքին պիտի դիմէր ան: Որովհետեւ մայրական այն իտէալ կերպարը որ իր կեանքին սրբութիւնն էր, կամ իր մայրը՝ օրինակելի այն օրինակն էր, որուն նայելով ինք իր կեանքը պիտի ապրէր, ահա յանկարծ կը խորտակուէր իր աչքերուն առջեւ: Ինչպէ՞ս կրնար ընդունիլ կամ սրբագրել անսրբագրելի արարքը մօր, որ զինք դաստիարակելու նուիրական պարտականութիւնը կը փոխարինէր լկտիութեամբ: Բարոյական իր միակ ու ամէնէն ուժեղ յենակը կորսնցուցած ըլլալով, պատանին դիմած էր իր վերջին ապաստանին՝ մահուան, որուն գիրկը նետելով ինքզինք, փորձած էր դուրս գալ անել կացութենէն:
Մայրերու հանդիպած եմ, որոնք իրենց զաւակներուն ներկայութեան, հրապարակաւ կը յանդգնին մարդ խայտառակել, անբարոյ պերճաղիճներու նման բարձրաձայն գոռալով անոր երեսին: Երեխան որ այդ պահուն իր մօր կողքին կանգնած առաջին վկան կը հանդիսանայ սոյն հասարակութեան, մարդկային փոխ յարաբերական իր ապագայ կեանքին առաջին դասը կը ստանայ արդէն: Իրեն համար, անսխալական մօր այդ արարքը, իբրեւ բացարձակ ճշգրտութիւն, կը դրոշմուի մանկական լոյծ ուղեղի մաքուր պաստառին վրայ, անջնջելի հետք թողելով այնտեղ: Մանուկներ միշտ ալ կեանքի օրինակ կը փնտռեն, անոր հետեւելով, անոր նմանելու համար: Եւ այս պարագային, արդէն իր մօր նմանելու բնական ցանկութիւնը, կ՛արդիւնաւորուի սխալ դաստիարակութեամբ, ու մօր վատ տեսակը կրկնօրինակուելով, մարդկային ընկերութիւնը կը տուժէ հաւաքաբար:
Նոյն դժբախտ հետեւանքները պիտի կրեն այն զաւակները, որոնց մայրերը երկա՜ր լեզուներով անդադար կը փորձեն իրաւազրկել ուրիշները, ըլլան ատոնք իրենց հարազատները, դրացիները կամ բարեկամները: Բամբասանք, զրպարտութիւն ու այլ յոռի սովորութիւնները, մայրերէն ուղղակի կը փոխանցուին իրենց զաւակներուն, դժբախտացնելով անմեղ այդ հոգիները:
Զաւակներու թերի դաստիարակութեան առաջին զոհերը եթէ զաւակները իրենք են, ապա երկրորդ զոհերը ծնողները իրենք պիտի ըլլան: Որովհետեւ, սխալ դաստիարակութիւն տուող ծնողը, իր զաւակներուն սէրն ու գուրգուրանքը պիտի չվայելէ:
Անցեալին ամէնէն ծանր անէծք իբրեւ «Զաւակներէն թող գտնէ» կ՛ըսէին հիները: Մինչեւ այսօր երբ նման անէծք լսեն աստուածապաշտ մարդիկ, «Մի՛ ըսեր» կ՛ըսեն, խրատելով անէծք տւողը, որ Աստուծոյ թողու անարդար մարդուն պատիժը ու ինք չմեղանչէ Աստուծոյ դիմաց, նման անէծք տալով իր նմաններուն:
Մանուկներուն քարոզ կարդալը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի, երբ այդ խրատները տուողը ինք զանոնք գործադրելու տրամադրութիւն չունի: Հեռատեսիլի հրահանգիչով խաղացող երեխային ձեռքէն կրնաս առնել զայն, ու սեղանին դնել: Սակայն գործիքը առնելով երբ սկսիս դուն խաղալ անով, երեխան կրնայ շփոթի մատնուիլ: Եթէ այդ հրահանգիչով պէտք չէ՛ խաղալ, ուրեմն մեծերն ալ պէտք չէ խաղան անով:
Մարդիկ միշտ կը մոռնան, որ ժամանակ առ ժամանակ ամէն մարդ վերստին դաստիարակուելու կարիքը ունի: Իսկ ծնողներ, որոնք դաստիարակութեան կարիքը ունին, պէտք է իրենց զաւակները դաստիարակելէ առաջ, իրենց անձերը դաստիարակեն: Ուրեմն՝ մի՛ դաստիարակէք ձեր զաւակները, այլ՝ դուք ձեզ դաստիարակեցէք, որովհետեւ անխուսափելի է որ անոնք ձեզի չնմանին: Եթէ լաւ դաստիարակուած էք, ուրեմն իրենք ալ լաւ դաստիարակուած զաւակներ պիտի ըլլան, առանց ձեր աւելորդ խրատատուութեան:
ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ մի՛ դաստիարակէք, այլ ԴՈՒՔ ՁԵ՛Զ դաստիարակեցէք: Այսպիսով մէկ յոգնութիւն ալ խնայած կ՛ըլլաք: