
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Փետրուար 6ին, երեկոյեան ժամը 6:30ին, հոգեբոյժ Սեդա Հայկ Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ պիտի ներկայացնէ «Ի՞նչ են ընկճուածութեան նշանները եւ ինչպէ՞ս յաղթահարել զանոնք» նիւթը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է «Արմեունիթի» ծրագիրին ու գրադարանի Արուեստ եւ մշակոյթ բաժանմունքին կողմէ:
Դասախօսութիւնը հայերէնով պիտի ըլլայ, իսկ մուտքը՝ ազատ: Գրադարանի հասցէն է՝ 222 E. Harvard Street, Glendale, CA 91205: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 548-3288 կամ (818) 638-5407 թիւերուն: