
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ եւ Թեմական խորհուրդի վաւերացումէն ետք, Ծխական խորհուրդի եւ Ծխական ժողովի յօժարութեամբ, Սաքրամենթոյի Սուրբ Յակոբ Հայց. եկեղեցին տիրացաւ նոր կալուածի մը՝ 25,000 քառակուսի ոտք տարածութեամբ շէնքով, որ գնուեցաւ 1,135,000 տոլարով: Շէնքը ունի 50 ինքնաշարժի կանգառ եւ երկու փողոցներու վրայ ինքնաշարժ կանգնեցնելու յարմարութիւն: Առաջնորդը յատկապէս գնահատած է Ծխական խորհուրդի ատենապետ Ռատ սրկ. Ճորճորեանի ջանքերը՝ այս նպատակը իրականացնելուն ուղղութեամբ:
Ծուխը ջանք կը թափէ մօտիկ ապագային կառուցել տալու խոհանոց մը՝ իր բոլոր յարմարութիւններով, նաեւ 400-500 հոգինոց հարսանեկան սրահ, ապա հայկական ոճով գմբէթաւոր եւ մկրտարանով եկեղեցի մը՝ 200-300 հաւատացեալներու:
Հոգեւոր հովիւ Ասողիկ քհնյ. Ժամկոչեան նոր կալուածէն պիտի շարունակէ իր հոգեւոր ծառայութիւնները, երբ Ս. խորանը եւ նստարանները տեղադրուին:
Առաջնորդը Մարտ 10ին, ծուխի հոգեւոր հովիւին հետ պիտի կատարէ Նաւակատեաց արարողութիւնը եւ ապա պիտի պատարագէ ու քարոզէ նոր շէնքէն ներս: