
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մեքսիքօ Սիթիի կեդրոնական շրջաններուն մէջ գտնուող զբօսայգիի մը մէջ զետեղուած Ատրպէյճանի նախկին մենատէր Հայտար Ալիեւի արձանը, այս շաբթուան ընթացքին զբօսայգիէն պիտի վերցուի եւ տեղափոխուի այլ տարածք:
Մայրաքաղաքի քաղաքապետարանը Յունուար 22ին կատարուած պաշտօնական յայտարարութեամբ մը վերջնականացուց արձանը զբօսայգիէն վերցնելու որոշումը, որ Ատրպէյճանի եւ Մեքսիքայի իշխանութեանց միջեւ լարուածութիւն յառաջացուցած էր:
Քաղաքապետարանը յայտարարած է նաեւ, որ որոշուած է փոխել այլ հրապարակի մը վրայ տեղակայուած «Խոջալու»ի յուշարձանը նշող ցուցանակին եւ այդ նոյն յուշարձանին վրայ տեղ գտած գրութիւնները՝ անոնցմէ վերցնելով «ցեղասպանութիւն» բառը:
Ալիեւի արձանը անցեալ Օգոստոսին տեղադրուեցաւ՝ զարմանք յառաջացնելով քաղաքի բնակիչներուն մօտ: Արձանը տեղադրելու համար Ատրպէյճան 5 միլիոն տոլար ծախսեց նշեալ այգիներու վերանորոգման աշխատանքներուն վրայ: Մեքսիքացիները քանի մը բողոքի հաւաքներ կազմակերպեցին՝ իշխանութիւններէն պահանջելով հանել բռնապետին արձանը: Աւելի ուշ Պաքու սպառնաց խզել դիւանագիտական կապերը Մեքսիքայի հետ եւ դիմել միջազգային դատարան:
Մեքսիքական շարք մը լրատուամիջոցներ անդրադարձած են այս հարցին: Յունուար 20ին, Ալիեւի արձանին դիմաց մարդկային իրաւունքներու պաշտպան աւելի քան 50 ցուցարարներ դարձեալ բողոքի ցոյց մը կատարած են՝ ընդդէմ Խոջալուի յուշահամալիրին եւ Ալիեւի արձանին: