
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Անցեալ տարուան ընթացքին աշխարհի մէջ ամենամեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք գնող երկիրներու ցանկին վրայ Ատրպէյճանը գրաւեց 18րդ դիրքը. Չորեքշաբթի, Յունուար 23ին այս մասին հաղորդեց Զէնքի առեւտուրի վերլուծութեան միջազգային կեդրոնը (SAMTO):
Ըստ նոյն կեդրոնին պատրաստած տարեկան վիճակագրութեան՝ 2012ին Ատրպէյճան 804 միլիոն տոլարի զէնք գնած է:
Անցեալ տարուան ընթացքին ամենաշատ սպառազինութիւն գնողը Հնդկաստանը եղած է՝ 13.2 միլիառ տոլար ծախսելով: Անոր յաջորդած են Իրանը, Օմանը, Աւստրալիան, Սէուտական Արաբիան, Թայուանը, Ալճերիան, Չինաստանը, Իսրայէլը եւ Ինտոնեզիան: