
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Բանակի կազմաւորման տօնակատարութիւններուն մասնակցելու նպատակով Հայաստան գտնուող սփիւռքահայ բարձրաստիճան զինուորականները 29 Յունուարին այցելած են հայկական եւ ատրպէյճանական սահմանագիծ։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն փոխանցուած լուրերուն համաձայն, սփիւռքահայ զօրավարները ծանօթացած են մարտական հերթապահութիւն կատարող զինուորներու ծառայութեան պայմաններուն, զրուցած են անոնց հետ: Սփիւռքահայ զօրավարները շնորհակալութիւն յայտնած են հայրենիքի սահմանները անառիկ պահող ու հայ ժողովուրդի խաղաղութիւնը ապահովող զինուորներուն եւ անոնց նուէրներ յանձնած են։