
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 30 Յունուարին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին «Ամերիաբանկ» ընկերութեան տնօրէնութեան անդամ, գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ, ելեւմուտքի տնօրէն Գէորգ Թառումեանը յայտնած է, որ «Ամերիաբանկ»ին համար նախորդ տարին բաւական յաջող եղած է, եւ բոլոր ցուցանիշներով ունեցած են արագ աճ: «Ամերիաբանկ»ի շահոյթը կազմել է 6.2 միլիառ դրամ: Բանկը բոլոր ցուցանիշներով միջինում գտնւում է երկրորդ տեղում», նշած է Թառումեանը՝ աւելցնելով, որ ժամկէտային աւանդները աճած են մօտ 35 տոկոսով:
Յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին բացումը պիտի կատարուի դրամատան նոր՝ Սայաթ Նովա մասնաճիւղին: «Մեզ մօտ հիմնական շեշտադրումը դրուած է փոքր եւ միջին բիզնեսների եւ ֆիզիկական անձանց վարկաւորման վրայ, այս երկու ոլորտում էլ վարկաւորման աճ է գրանցուել», նշած է ան՝ ընդգծելով, որ արժանացած են շարք մը միջազգային մրցանակներու՝ որպէս լաւագոյն դրամատուն, որպէս լաւագոյն արտարժոյթ տրամադրող դրամատուն:
Թառումեանը նաեւ նշած է, որ աշխատանքներ կը կատարուին գոյացնելու նոր համաձայնութիւններ: «Տարէցտարի հիփոթեքային վարկաւորումն աճել է 25 տոկոսով: 2013ին բանկային համակարգի համար կանխատեսում ենք 18-22 տոկոսի աճ, եւ այս պահի դրութեամբ մեր կանխատեսումներն արդարանում են: Առեւտրի ֆինանսաւորումը բաւական արագ աճող բիզնես է մեզ համար, եւ մենք ներդրումներ ենք կատարում», յայտնած է ան։
Խօսելով ապագայ ծրագիրներու մասին՝ Թառումեանը ըսած է, որ տարուան ընթացքին յաճախորդներու թիւը աճած է 28 տոկոսով, որմէ մեկնած պիտի ընդարձակուի մասնաճիւղային ցանցը եւ բացի Սայաթ Նովա մասնաճիւղէն, կը ծրագրուի մասնաճիւղ մը հիմնել Երեւանի մէջ եւ երկու ուրիշներ՝ շրջաններուն մէջ: